2015-07-17 10:15:00

Ալեքսիս Ցիփրաս կը կեդրոնանայ Եւրոյի գօտիին հետ համաձայնութեան գործադրութեան վրայ


Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի բանբեր Կապրիել Սաքելլարիտիս յայտնեց, որ հակառակ խորհրդարանին կողմէ տնտեսական բարեփոխումներու որդեգրման հոլովոյթին մեծ դժուարութիւններու հանդիպելուն, վարչապետը կեդրոնացած է Եւրոյի գօտիին հետ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան վրայ:

Յունաստանի խորհրդարանը չորեքշաբթի օր բուռն քննարկումներէ ետք ուշ գիշերին վաւերացուց բարեփոխումներու մասին օրինագիծը, որ անհրաժեշտ է ելեւմտական օգնութիւն ստանալու նպատակով Եւրոպական կայունացման մեքանիզմ նախագիծին հետ համաձայնագիր կնքելու համար:

Օրինագիծին թեր քուէարկած են խորհրդարանի 300 երեսփոխաններէն 229-ը, դէմ քուէարկած են 64 երեսփոխաններ, որոնցմէ 30-ը անդամ են վարչապետին ղեկավարած կուսակցութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կառավարութիւնը խորհրդարանին մէջ կորսնցուցած է մեծամասնութիւնը եւ անոր գոյատեւումին շուրջ ստեղծուած են հարցականներ:

Ցիփրաս խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին երեսփոխաններուն կոչ ուղղած է ընդունելու օրինագիծը` ընդգծելով, որ անոնք պէտք է կիսեն երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատասխանատուութիւնը: Ան միեւնոյն ժամանակ վստահութիւն յայտնած է, որ կառավարութեան կողմէ իրականացուող քաղաքականութիւնը դրական արդիւնքներ պիտի տայ: Ըստ անոր, այժմ Եւրոպայի մէջ պայքարը ոչ թէ փոքր Յունաստանի դէմ է, այլ ապագայի համար: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ երեսփոխաններուն աջակցութիւնը չստանալու պարագային չի կրնար վարչապետի պաշտօնը շարունակել:

Օրինագիծի քննարկումներուն ընթացքին, խորհրդարանի պատերուն մօտ օրինագիծին դէմ ցոյց կատարող անիշխանականներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի կ՛ունենային բախումներ: Ձերբակալուած են 50 ցուցարարներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.