2015-07-16 12:07:00

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի տպաւորութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի, միջազգային 9-րդ  հովուական Ճամբորդութեան աւարտին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն` Հայրը  Ֆետերիքօ Լոմպարտի ,

Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին  յայտնեց իր տպաւորութիւնները։

Հայր Լոպմարտին յայտնեց, թէ Ճամբորդութեան ընթացքին շատ յուզիչ եւ տպաւորիչ  էր  ամբոխի մասնակցութիւնը եւ Ֆրանչիսկոս Պապի՝  անոնց հետ ունեցած յարաբերութիւնը։ Հայր Լոմպարտի  ապա մատնանշեց  Ֆրանչիսկոս Պապի այցելած երկիրներուն մէջ կը գտնուէր որպէս Հովիւ մը իր ժողովուրդին մէջ որ  լաւ  կը ճանչնայ իր ոչխարները։

Հայր Լոմպարտին, ընդգծեց ապա Քահանայապետին , ժողովուրդին հետ ունեցած ջերմ , սիրալիր եւ յարգալիր յարաբերութիւնը, յայտնելով թէ Լատին Ամերիկայի ժողովուրդները ոչ մէկ օգնութեան ակնկալիք ունէին՝ իրենց կէտնպատակներու հասնելու համար։ Այս ուղղութեամբ,  Ֆրանչիսկոս Պապ , մարդկային եւ հոգեւոր շրջագիծէն ներս մեծ քաջալերանք ներշնչեց,  ժողովուրդներու  ապագայի կերտման ի խնդիր։

Ֆրանչիսկոս Պապ,  այցելած երկիրներուն ժողովուրդները  քաջալերեց  իրենց կեանքին մէջ դերակատարներ դառնալու յատկապէս անոնց որոնք կը գտնուին աղքատ եւ մեկուսացուած վիճակի մէջ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.