2015-07-16 09:53:00

Կոմիտասի նուիրուած գիտաժողով Մարսէյլի մէջ


S’art ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ Մարսէյլի մէջ պիտի կայանայ Կոմիտասի նուիրուած գիտաժողով: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie-ն։

«Հայր Կոմիտասի կեանքն ու ստեղծագործական ուղին» խորագիրով գիտաժողովը պիտի կայանայ Յուլիս 16-ին։ Գիտաժողովի ընթացքին պիտի ներկայացուի Կոմիտասի գործունէութիւնը, անոր կեանքը, Հայոց Ցեղասպանութեան դրուագներն ու Ֆրանսայի մէջ իրականացուցած օրերը:

Գիտաժողովին պիտի յաջորդէ համերգ, որուն ընթացքին պիտի հնչեն Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.