2015-07-16 09:59:00

Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը դարձեալ յետաձգուեցաւ


Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի 26-րդ նիստը երէկ դարձեալ յետաձգուեցաւ նիստին յատուկ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2015-ը նշանակեց նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական յաջորդ նիստի թուական:

Նշենք, որ նիստին ներկայ գտնուող երեսփոխաններուն թիւը հասաւ 48-ի:

Նիստին յետաձգումէն ետք, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խորհրդարանէն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն չկատարելը օգտակար չէ` ընդգծելով, որ նախագահական ընտրութեան առումով պէտք է համախոհութիւն գոյացնել եւ ընտրել նախագահ մը, որ կը սիրէ լիբանանցիները եւ անոնց միջեւ բաժանումի պատճառ չի դառնար:

Վարչապետ Սինիորա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահն է լիբանանցիները համախմբողը եւ սահմանադրութեան տէր կանգնողը, «իսկ մենք ձախողած են նախագահական ընտրութիւն կատարելու մէջ` նկատի ունենալով կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ նախագահական ընտրութեան նիստերը պոյքոթի ենթարկելու կեցուածքը», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ, Սինիորա ըսաւ, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ գոյացած` հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնութիւնը կարեւոր դէպք է եւ պէտք է սպասել, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ մանրամասնութիւններ իմանալ այդ մասին:

Սինիորա կոչ ուղղեց Իրանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու` աւելցնելով, որ Լիբանան եւ արաբական երկիրները Իրանի հետ պատմութիւն եւ պատմական յարաբերութիւններ ունին:








All the contents on this site are copyrighted ©.