ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին
մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու
պատրիարքին միջեւ:
Վեհափառ հայրապետի կողքին, հանդիպման ներկայ էին միաբան հայրեր, իսկ պատրիարքին կ՛ընկերանային
ասորի հոգեւոր հայրեր Պէյրութէն եւ Դամասկոսէն:
Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ
հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն գործակցութեան նոր թափ տալու հրամայականը Միջին Արեւելքի
եւ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս: Այս շրջագիծէն ներս շեշտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան
100ամեակին յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը:
Աֆրամ Բ. պատրիարք իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, ասորի ժողովուրդի
ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բացման հանդիսութեան իր ներկայութեան ու պատգամին
համար:
All the contents on this site are copyrighted ©. |