2015-07-14 08:31:00

Զմմառու Մայրավանքին մէջ սկիզբ առաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընտրական սիւնհոդոսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 14 յուլիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ,  Զմմառու Պատրիարքական Աթոռին մօտ, սկիզբ առին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ընտրական Սիւնհոդոսի նիստերը` ընտրելու համար Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 20րդ Կաթողիկոս-Պատրիարքը, անցեալ  25 յունիս 2015-ին, Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի յանկարծակի մահէն ետք։

Յայտնենք թէ ըստ Արևելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքի 127-րդ կանոնին,  պատրիարքական աթոռի թափուր շրջանին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ  կառավարիչ անուանուած էր, եպիսկոպոսներու երիցագոյնը` Արհ. Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեանը որուն կ՛իյնար գումարել վերոնշեալ սիւնհոդոսը։

Սիւնհոդասական հայրերը, ժողովէն առաջ, երկուշաբթի 13 յուլիսին, մասնակցեցան միօրեայ հոգեւոր կրթութեան, զոր քարոզեց Իտալիոյ Լոտի-ի թեմի առաջնորդ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի երբեմնի ենթաքարտուղար` գերապայծառ Մաուրիցիօ Մալվեսթիթին։

Արեւելեան եկեղեցիներուն կանոնագիրքի 64-րդ կանոնը կը սահմանէ, թէ Պատրիարքի ընտրութեան եպիսկոպոսաց ժողովը պէտք է գումարուի,  Պատրիարքական  Աթոռը թափուր  մնալէ ետք՝ մէկ ամսուայ ընթացքին։ Թէպէտ ՝ մասնաւոր օրէնքով մը  կարող է սահմանել աւելի երկար ժամանակաշրջան ,սակայն՝ ոչ երկու ամիսէ  աւելի։

Ըստ 66-րդ կանոնին, Պատրիարքի ընտրութեան ժամանակ, ընտրութեան սրահին մէջ կարող են ներկայ գտնուիլ Սիւնհոդասական Եպիսկոպոներն ու քարտուղարը։ 

72-րդ կանոնի համաձայն, Պատրիարք կ՝ընտրուի այն անձը որուն օգուտին սիւնհոդոսական հայրերու 2/3 կը քուէարկեն։

Եթէ ընտրութիւնները չպսակուին յաջողութեամբ՝ 15 օրուայ ընթացքին, այս պարագային կը միջամտէ Սրբազան Քահանայապետը 

Ըստ կանոն 74-ին, ընտրուած թեկնածուն, տեղեկանալէ ետք՝ 2 օրուայ ընթացքին պէտք է  որ պատասխան տայ  եթէ կ՝ընդունի թէ ոչ ։  Պատասխան չի տալու  պարագային կը կորսնցնէ ընտրութեամբ ստացած բոլոր իրաւունքները։

Սիւնհոդասական Հայրերը, Նոր Պատրիարք ընտրելէ ետք, անմիջապէս ընտրութեան արդիւնքին մասին նամակով մը կը տեղեկացնեն Սրբազան Քահանայապետին եւ Արեւելեան միւս եկեղեցիներու Պատրիարքներուն։ Իսկ Նորընտիր Պատրիարքը իր ստորագրութիւնը կրող նամակով մը,  եկեղեցական հաղորդութիւն կը խնդրէ Սրբազան Քահանայապետէն՝ Կանոն  76։

Նորընտիր Պատրիարքը իը գործունէութիւնները կը սկսի իրագործել միայն գահակալութենէն ետք, որուն թուականը կը որոշէ Սիւնհոդասական հայրերը՝  ծիսական տօնացոյցի համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.