2015-07-14 09:53:00

Եւրոյի գօտիի ղեկավարները Յունաստանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցին


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոյի գօտիի ղեկավարները արտակարգ վեհաժողովի ընթացքին Յունաստանի հետ գոյացուցած են ելեւմտական օժանդակութեան 3-րդ թղթածրարին վերաբերեալ համաձայնութիւն մը: Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել յայտարարեց. «Ձեռք բերուած է համաձայնութիւն»:

Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Տոնալտ Թուսք «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ բոլորը պատրաստ են Յունաստանի համար դիմելու Եւրոպական կայունութեան մեքանիզմի ծրագիրին: Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ժան Քլոտ Եունքըր իր կարգին յայտարարեց, որ Յունաստանը պիտի չլքէ Եւրոյի գօտին: Ան նաեւ յայտնեց, որ բանակցութիւններուն մասնակիցները գոհ են վեհաժողովի արդիւնքներէն:

Յունաստան այժմ մինչեւ չորեքշաբթի պէտք է որդեգրէ Եւրոյի գօտիի անդամներուն կողմէ պահանջուած բարեփոխումները: Եւրոպական Միութեան կողմէ յայտարարութիւն մը յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին Յունաստանին 86 միլիառ եւրոյի ֆինանսաւորման մասին մատնանշում կատարեց: Սակայն համաձայնութիւնը Յունաստանի պարտքի կրճատում չի նախատեսեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.