

(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Յիսուսեան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումին` հայող Իրանի Հիւլէականին մասին ստորագրուած համաձայնութեան, յայտարարեց թէ '' Իրանի հիւլէական ծրագրի թղթածրարի համաձայնագիրը դրական կը նկատուի Սուրբ Աթոռի կողմէ։ Այս մէկը կարեւոր արդիւնքն է մինչեւ օրս կայացած բանակցութիւններուն, որոնք պէտք է շարունակուին բոլորին ջանքերով եւ յանձնառումով, որպէսզի տայ իր պտուղները։ Պտուղներ որ յուսանք չի սահմանափակուին լոկ Հիւլէական ծրագրի մարզէն ներս այլ տարածուին նաեւ այլ ուղղութիւններով։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |