2015-07-13 14:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ժամանեց Իտալիա։


 (Ռատիօ Վատիկան) 5 – 13 յուլիս Լատին Ամերիկա կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը` Հռոմի ժամով 13.30-ին, ժամանեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան վերջ տալով իր Քահանայապետութեան 9-րդ միջազգային ճամբորդութեան,  որուն ընթացքին այցելեց Հարաւային Ամերիկայի երեք երկիրներ` Էքուատորը, Պոլիվիան եւ Փարակուէյը եւ ուր հանդիպումներ ունեցաւ Քաղաքական ու Քաղաքացիական աշխարհի իշխանութիւններուն հետ, տեղական եպիսկոպոսներուն ու կղերին հետ ինչպէս նաեւ այցելեց աղքատները, հիւանդներն ու բնիկ ժողովուրդը։

Սրբազան Հայրը իր այս առաքելական ճամբորդութիւնը եզրափակեց Երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով ու անոնց փոխանցած պատգամով ` ''յառաջ ընթանալ հակահոսանք, ազատ սրտով եւ զօրակցութեան հոգիով''։

Իր սովորութեան համաձայն Նորին Սրբութիւնը օդակայանէն ուղղուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա ուր ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' Աստուածածնայ սրբապատկերին ոտքին զետեղեց ծաղկեփունջ մը ` Վատիկանի դրօշի տ երմակ ու դեղին գոյներով, ապա պահ մը ամփուփուեցաւ աղօթքի մէջ հուսկ վերադարձ կատարեց Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.