2015-07-13 10:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց միջազգային 9-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 12  յուլիս 2015-ի երեկոյեան, տեղական ժամով 17-ին (Հռոմի ժամով 23-ին) Ֆրանչիսկոս Պապը`  ''Քոսթաներա'' գետափի տարածքին,  հանդիպեցաւ բազմահազար երիտասարդներուն ու այդ հանդիպումով եզրափակեց Լատին Ամերիկա կատարած  առաքելական 9-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը  որ, 5-էն 12 յուլիս 2015, ընդգրկեց` Էքուատորը, Պոլիվիան  եւ Փարակուէյը։

Երիտասարդներուն հետ հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Արժանթինէն ու Լատին Ամերիկեան այլ երկիներէն ժամանած հաւատացեալներ։ Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցան երգեցողութիւններ մինչ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Երիտասարդներու Հովուական խնամակալութեան պատասխանատու եպիսկոպոսը Գերապայծառ Րիքարտօ Եորկէ Վալենցուելա Ռիոս, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ''երիտասարդներու իրողութեան'' հայող բեմադրական ներկայացում, որուն յաջորդեց երկու երիտասարդներու` Մանուէլ եւ Լիզի կեանքի վկայութիւններու ներկայացում, հուսկ աւետարանական ընթերցումէն ետք` քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն (Գլ 5, 1-12)  ''ցնծացէք եւ ուրախացէք որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ'' խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու մէկդի դնելով այս առթիւ պատրաստուած գրաւոր ճառը իր սրտաբուխ  խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն  որուն մէջ  հրաւիրեց աղօթելու որպէսզի միշտ ունենան ազատ սիրտ մը ու խրախուսեց զանոնք զօրակցութիւն ցուցաբերելու։

''Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ամէն մէկուն ազատութեան համար...ազատութիւնը Աստուծմէ մեզի տրուած նուէր մըն է, թէեւ պէտք է գիտնալ զայն ընդունիլ'' ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով աշխարհի շատ մը երեւոյթներու որոնք սրտի ազատութեան արգելք կը հանդիսանան ինչպէս` շահագործումը, ապրելու միջոցներու բացակայութիւնը, թմրամոլութիւնը, տխրութիւնը....  ու հրաւիրեց երիտասարդներ իր հետ միասին կրկնելու ''Տէր Յիսուս, ինծի ազատ սիրտ մը պարգեւէ, սիրտ որ շահի յարմարութիւններու եւ ''հանգիստ կեանքի'' ստրուկը չ՛ըլլայ, չ՛ըլլայ ստրուկ մոլութիւններու եւ կեղծ ազատութեան որ է ըսել` շարունակ ընել այն ինչ որ ինծի հաճելի է''։

Ապա պատասխանելով Լիզի վկայութեան որ երիտասարդ տարիքին հանդերձ ստիպուած է խնամք տանիլ ու նեցուկ կանգնիլ իր հիւանդ ծնողաց,  Սրբազան Հայրը նշեց թէ ''այս երիտասարդուհին մեզի կը սորվեցնէ Պիղատոսի չնմանիլ։ Ան կրնար իր Մայրը դնել ծերանոցի մը մէջ ու ապրիլ իր երիտասարդութիւնը, ուրախանալ ու սորվիլ այն ինչ որ կ՛ուզէր, Ան սակայն ընտրեց ծառայել իր մօրը։

Մինչ Մանուէլը – ըսաւ Սրբազան Պապը  - մեզ կը քաջալերէ ուրիշին ընկերանալու զօրակցութեան մէջ։ ''Ազատ սիրտ, զօրակցութիւն, աշխատանք, յոյս եւ ուժ։ Ճանչնալ Յիսուսը ու ճանչնալ զԱստուած ահա այս է ճանապարհը'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր դիմաց համախմբուած խանդավառ երիտասարդներուն, զանոնք քաջալերելով յառաջ ընթանալ ու ընթանալ հակահոսանք։

Նորին Սրբութիւնը ապա երիտասարդներէն խնդրեց որ միանան իրեն աղօթքին ու ըսաւ ''Յիսուս, քեզմէ կը խնդրեմ երիտասարդ ու երիտասարդուհիներուն համար­, որոնք տակաւին չեն իմացած թէ Դուն ես իրենց ուժը, եւ որոնք կեանքէն կը վախնան, կը վախնան ուրախութենէն ու կը վախնան երազանքէն։ Յիսուս սորվեցուր մեզի երազել, երազել վեհանձն ու գեղեցիկ բաներ, որոնք սրտերը կը լայնեցնեն։ Յիսուս մեզի տուր ուժ , մեզի տուր ազատ սիրտ, մեզի տուր յոյս, տուր սէր ու մեզի սորվեցուր ծառայել։

Երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը  եւ իրեն ընկերացող շքախումբը  ուղղուեցան Ասունսիոնի միջազգային օդակայան։  Ճանապարհին վրայ, Նորին Սրբութիւնը պահ մը կանգ առաւ ''Իքուա Պոլանիոս'' առեւտուրի կեդրոնի մօտ, ուր վերջերս տեղի ունեցած էր սոսկալի  հրդեհ մը որ պատճառած էր ահռելի աւեր ու 400 զոհ որոնց 200 մանուկներ էին եւ 500 աւելէ վիրաւորներ։ Սրբազան Հայրը օրհնեց վայրը ապա  շարունակեց իր երթը դէպի օդակայան ուր ժամը 18,45-ին (Հռոմի ժամով` երկուշաբթի 13 յուլիսի 00,45-ին) տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը եւ ժամը 19-ին` (Հռոմի ժամով 13 յուլիսի առաւօտեան 1-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սաւառնակը թռիչք առաւ դէպի Իտալիա` ուր վայրէջք կատարեց`  12 ժամ 45 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք, Հռոմի ժամով 13,45-ին,  Հռոմի Չամփինօ օդակայան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.