2015-07-13 09:25:00

Փարակուէյ.Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն յանձնած գրաւոր ճառը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի` 12 յուլիսի երեկոյեան, Փարակուէյի մէջ հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ ու այս առթիւ պատրաստած գրաւոր ճառը մէկդի դնելով սրտաբուխ խօսքեր ուղղեց անոնց։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբութեան գրաւոր բայց ոչ արտասանուած ճառին պարունակութիւնը։

''Սրբազան Պապը անդրադառնալով երիտասարդներու տուած վկայութիւններուն, ընդգծեց երկու կարեւոր կէտեր – «բարեկամներ» եւ «հոգեւոր կրթութիւններ»։

Բարեկամները – քրիստոնեայի գաղտնիքներէն մին հիմնուած է բարեկամութեան վրայ՝ ըլլալ բարեկամ Յիսուսի։ Բարեկամները իրարու կ՛օգնեն, իրարու կ՛ընկերակցին, իրար կը պաշտպանեն։ Տէրը մեզի հանդէպ այսպէս կը վերաբերի. մեզի կ՛օգնէ։

Հոգեւոր կրթութիւնները – Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացի նշանաւոր մտածական մը ունի, որ կը կոչուի «երկու դրօշները»։ Այնտեղ կը նկարագրէ մէկ կողմը սատանայի դրօշը եւ միւս կողմը Քրիստոսի դրօշը։ Երկու խումբերու նման, որոնք կը կրեն տարբեր գոյնի շապիկներ. եւ մեզի հարց կու տայ՝ թէ որ կողմի համար կ՛ուզենք մրցիլ։ Այս մտածականով մեզի երեւակայել կու տայ՝ թէ ինչ կը նշանակէ մէկ կամ միւս խումբին պատկանիլ։ Հետեւեալ հարցը կարելի է դնել մեր առջեւ՝ «քու կեանքիդ մէջ, ո՞ր կողմին համար կ՛ուզես խաղալ»։ Ապա, Սուրբ Իգնատիոս կ՛ըսէ՝ թէ սատանան հարստութիւններով, պատիւներով, փառքով եւ իշխանութեամբ կ՛օժտէ անհատներ, զանոնք իր խումբին սիրաշահելու համար։ Այսպէսով բոլորը իրեն պիտի երկրպագեն։

Միւս կողմը, Սուրբ Իգնատիոս մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսի «խաղակերպը»։ Ան իբր հրաշալի բան մը չի ներկայացուիր, որովհետեւ Յիսուս մեզի չի ներկայացներ աստղային կեանք մը, հռչակով՝ այլ ընդհակառակը՝ մեզի կ՛ըսէ՝ թէ իր հետ խաղին մասնակցիլ՝ սիրոյ եւ մերձաւորի ծառայութեան հրաւէր մըն է։ Յիսուս մեզի հանդէպ լուրջ է։

Աստուածաշունչի մէջ, սատանան կ՛անուանուի «սուտի հայրը». ան քեզի հաւատալ կու տայ, որ որոշ բաներ կատարելով երջանիկ պիտի ըլլաս։ Բայց կ՛անդրադառնաս որ երբեք երջանիկ չես եղած, ալ քեզի տուած է միայն դատարկութեան եւ տխրութեան զգացումը։ Ասոր համար, սատանան «ծուխ վաճառող» մըն է, որ յոյսդ դնել կու տայ բանի մը վրայ, որ քեզ երբեք երջանիկ պիտի չընէ։ Այս է սատանայի խաղը, անոր ռազմավարութիւնը։ Այն ինչ որ մեզի կ՛առաջարկէ՝ պտուղն է բաժանումի, մրցակցութեան, եւ ուրիշներու գլուխը փշրելու՝ որպէսզի հասնինք մեր նպատակին։ Որպէսզի հասնինք այս բոլորին, մէկ կողմ կը դնենք մեր բարեկամները եւ չենք հանդուրժեր ոչ ոք։ Որովհետեւ ամէն ինչ հիմնուած է երեւոյթի վրայ, եւ սատանան քեզի հաւատալ կու տայ, որ քու արժէքդ՝ ունեցած ստացուածքիդ մէջ է։

Ասոր հակառակ, Յիսուս մեզի կը հրամցնէ իր խաղը։ Մեզի մեծ խոստումներ չի կատարեր։ Մեզի չ՛ըսեր, թէ երջանկութիւնը կը կայանայ հարստութեան, ոյժի եւ հպարտութեան մէջ։ Երանի հոգիով աղքատներուն. երանի անոնց, որոնք ծարաւն ունին արդարութեան. երանի ողորմածներուն, սրտով մաքուրներուն, խաղաղարարներուն, արդարութեան համար հալածուածներուն։

Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհ մը, որ կեանք է եւ ճշմարտութիւն։ Ան մեծագոյն փաստն է ասոր։ Այս է իր «ոճը», կեանքը ապրելու իր կերպը՝ բարեկամութիւնը եւ յարաբերութիւնը Հօր հետ։ Մենք մեզ պէտք է զգանք իբր զաւակներ, իբր սիրուած զաւակներ։

Յիսուս գիտէ, որ այս աշխարհի վրայ, ուր գոյութիւն ունի այնքա՛ն մրցակցութիւն, նախանձ եւ թշնամութիւն՝ երջանկութիւնը յառաջ կու գայ համբերութենէ, ուրիշները յարգելէ, եւ ոչ դատապարտել, ոչ ալ դատել ոեւէ անհատ։ Երջանիկ են անոնք, որոնք նոր կեանք կը բերեն, նոր կարելիութիւններ կը բանան. անոնք, որոնք կարող են օգնել ուրիշներուն՝ անոնց սխալներուն մէջ, անոնց շեղումներուն մէջ։ Երջանիկ են անոնք, որոնք իսկական բարեկամներ են եւ ոչ ոք կը լքեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Չիքիթունկայի կեանքին, փարակուէյցի այն Աստուծոյ Աղախնին, որ մեզի ցոյց կու տայ՝ թէ ինչպէս Աւետարանի Երանութիւններու ճանապարհը պէտք է ըլլայ ճանապարհ համբերութեան. իսկական ճանապարհ մը, ուր կարելի է ընթանալ, եւ որ կը լեցնէ սիրտը։ Իսկական բարեկամութեան առաջարկ մըն է։ Բարեկամներ՝ Յիսուսի ոճով։ Այս կը նշանակէ՝ փակուած չմնալ մեր մէջ, այլ «իջնել հրապարակ», ճանչնալ ուրիշ բարեկամներ, «վարակել» Յիսուսի բարեկամութիւնը աշխարհի վրայ, ուր որ գտնուինք՝ աշխատանքի աշխարհի մէջ, ուսման աշխարհի մէջ, հաճոյքի մէջ, եւ ընկերային ցանցերու մէջ, ինչպէս՝ Whatsapp, Facebook  կամ Twitter, երբ կը պարենք, կամ լաւ խմիչք մը կ՛առնենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.