2015-07-13 10:54:00

Սրեպրենիցայի Ցեղասպանութեան 20-ամեակի ոգեկոչում։


Պոսնիոյ նախագահութիւնը դատապարտեց Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Վուսիչի դէմ յարձակումը, որ գործուեցաւ շաբաթ օր` Սրեպրենիցայի ցեղասպանութեան 20-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին: Նախագահութիւնը նշեց, որ Վուսիչ քաղաք այցելած է «հաշտութեան ոգիով եւ յարգանքի տուրք մատուցելու համար»:

Պոսնիոյ պոսնիացի, սերպ եւ խրուաթ նախագահներէ կազմուած նախագահութիւնը ներում հայցեց «բոլոր օտար պատուիրակութիւններէն»:

Սերպիա զայն մահափորձ նկատեց, ինչպէս նաեւ «ամբողջ Սերպիոյ եւ անոր խաղաղութեան ու շրջանային համագործակցութեան քաղաքականութեան դէմ յարձակում մը»:

Վուսիչ ստիպուեցաւ փախուստ տալ արարողութենէն, երբ ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք քարկոծուեցաւ «Ալլահու աքպար» բացագանչող եւ զինք վարկաբեկող անծանօթներու կողմէ: Թիկնապահները զինք պաշտպանեցին հովանոցներով:

Սերպիոյ վարչապետը Պելկրատ վերադառնալէ ետք յայտնեց, որ իր ակնոցները կոտրուած են, սակայն ինք չէ վնասուած: Ան նշեց, որ յարձակումը կազմակերպուած էր, սակայն ինք պիտի շարունակէ իր մերձեցման քաղաքականութիւնը:

«Կը ցաւիմ, որ կարգ մը մարդիկ չկրցան հասկնալ սերպերուն եւ պոսնիացիներուն միջեւ բարեկամութիւն կառուցելու իմ անկեղծ փափաքս», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ձեռքս կը շարունակեմ երկարել պոսնիացի ժողովուրդին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.