2015-07-13 10:51:00

Ռայի Պատրիարքը դարձեալ կոչ ուղղեց համախոհութեան


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց բոլորին հեռանալու քարացած կեցուածքներէ եւ համախոհութիւն գոյացնելու իրարու միջեւ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ իրարու միջեւ տարակարծութիւններուն արդար լուծում գտնելու կարեւորութիւնը:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը լաւագոյն` կրնայ ըլլալ վերոնշեալ հարցերուն` լուծումը, աւելցնելով, որ առանց նախագահին գոյութեան կարելի պիտի չըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները իրենց սառած իրավիճակէն դուրս բերել եւ երկրին տնտեսական ու ընկերային տագնապին առաջքը առնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.