2015-07-12 10:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 11 յուլիսին, Փարակուէյի Ասսունսիոն քաղաքին մէջ, տեղական ժամով յետմիջօրէին 4.30ին, իսկ Հռոմի ժամով 22.30ին, Leon Condou անուան մարզակեդրոնին մէջ , Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։

Այս առթիւ ուղղած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, թէ քաղաքային ընկերութիւնը բարդ իրականութիւն մըն է, կազմուած հատուածներէ, տարբեր փորձառութիւններէ, մտահոգութիւններէ, պայքարներէ եւ խուզարկումներէ։ Ժողովուրդ մը, որ իր մտահոգութիւնները կենդանի չի պահեր, ժողովուրդ մը, որ կրաւորական համակերպումի անշարժութեան մէջ կ՝ապրի՝ մեռած ժողովուրդ մըն է։  Քաղաքային ընկերութեան ներկայացուցիչները կը կրեն փորձառութիւններու, պարագաներու եւ ճանապարհներու հարստութիւնը։  Կարեւոր է, որ բոլորը ուղղուած ըլլայ դէպի հասարակաց բարիքը։ Սրբազան Պապը ապա անդրադարձ կը կատարէ հանդիպման առաջին մասին մէջ ներկայացուած հարցերուն՝

- Մտահոգութեամբ ջանալ, որ ընկերութիւնը բոլորին համար վերածուի եղբայրութեան, արդարութեան, խաղաղութեան եւ արժանապատուութեան վայրի մը։ Առաւելագոյն կարելին պէտք է ընել մերժելու՝ որ այս զօրութիւնը սրտերուն մէջ մարի։ Կարեւոր է միասնաբար կատարուած ջանքը՝ քննարկել, ունկնդրել կեանքին, ուրիշներու՝ ծերերու, մեծ հայրիկներու եւ մեծ մայրիկներու եւ այն անհատներու պատմութիւններուն եւ դրուագներուն, որոնք հաւատքի եւ արժէքներու հոգեւոր ժառանգութեան պահապաններն են։ Սրբազան Պապը կ՝անդրադառնայ աղօթքի զօրութեան եւ Քրիստոսի ներկայութեան՝ առօրեայ կեանքին մէջ, ինչպէս եւ բոլոր մարդոց եղբայրութեան եւ արժանապատուութեան։

Երկրորդ հարցումը կը հայի երկխօսութեան՝ իբր միջոց՝ կառուցելու ազգի մը ծրագիրը, որ կը ներփակէ բոլորը։ Երբեմն, կը թուի թէ մենք պարտականութիւն կը ստանձնենք իրերը աւելի դժուարացնելու։ Երկխօսութիւնը կ՝ենթադրէ եւ կը պահանջէ հանդիպման մշակոյթ, ճանչնալով՝ թէ բազմազանութիւնը հարկաւոր է։ Հետեւաբար չենք կրնար մեկնիլ այն նախադրեալէն՝ թէ ուրիշը սխալի մէջ է։ Հասարակաց բարիքը սկիզբ կ՝առնէ մեր տարբերութիւններէն, միշտ ընձեռելով նոր այլընտրանքներ, լուծման նորոգեալ փնտռտուքով, որ ըլլայ լաւագոյն բոլորին համար։ Շատ անգամ հանդիպման այս մշակոյթը ներգրաւուած է հակամարտութեան մէջ։ Պէտք չէ վախնանք կամ անտեսենք, այլ ընդհակառակը՝ կոչուած ենք զայն վերածելու պարտականութեան։ Այս է հանդիպման հիմը՝ բոլորս եղբայրներ ենք, նոյն Աստուծոյ զաւակներ, եւ իւրաքանչիւրը՝ ինքնուրոյն մշակոյթով, ինքնուրոյն լեզուով, ինքնուրոյն աւանդութիւններով՝ ունի շատ բան մատուցանելիք հասարակութեան։

Երրորդ հարցումը՝ ընկալել աղքատներու աղաղակը՝ կարենալ կառուցելու համար ներգրաւող ընկերութիւն մը։ Չի բաւեր գաղափարախօսական հայեացք մը, որ կ՝աւարտի աղքատներու չարաշահումով՝ քաղաքական կամ անհատական շահագրգռութիւններու համար։ Նախապայման է անոնց անձին հանդէպ ցուցաբերել ճշմարիտ մտահոգութիւն, գնահատել զանոնք իրենց բարութեան համար։ Աղքատները՝ մարդկութեան, բարութեան եւ զոհաբերումի առընչութեամբ մեզի ուսուցանելիք շատ բան ունին։ Մենք քրիստոնեաներս անոնց մէջ կը տեսնենք Քրիստոսի դիմագիծը եւ մարմինը, որ մեզի համար աղքատացաւ՝ մեզ իր աղքատութեան միջոցաւ հարստացնելու համար։

Երկրի մը համար, ըստ Սրբազան Պապին, հարկաւոր են տնտեսական աճ եւ հարստութեան ստեղծում, որ հասնի բոլոր քաղաքացիներուն, առանց ոեւէ մէկը դուրս ձգելու։ Այս հարստութեան ստեղծումը՝ միշտ պէտք է ըլլայ ի սպաս հասարակաց բարիքին, եւ ոչ լոկ սակաւ անհատներու։ Այս մեզի համար պէտք է յստակ ըլլայ։ Աշխատանքը իրաւունք մըն է, եւ անհատին կու տայ արժանապատուութիւն։ Հաց ճարել ընտանիքին համար, զաւակներուն մատուցանել երդիք մը, առողջութիւն եւ ուսում՝ մարդկային արժանապատուութեան էական կերպեր են, եւ գործատէրեր, քաղաքական անձնաւորութիւններ, տնտեսագէտներ, պէտք է թոյլ տան մեզի որ հարցադրենք զանոնք։ Կը խնդրեմ ձեզմէ չհաւատալ տնտեսութեան կռապաշտական կերպարի, որ պահանջէ մարդկային կեանքեր իբր զոհ՝ դրամի եւ շահադիտութեան խորանին վրայ։ Տնտեսութեան մէջ, գործակալութեան մէջ եւ քաղաքականութեան մէջ՝ առաջին տեղը կը գրաւէ անհատը եւ կենսոլորտը, որուն մէջ ան կ՝ապրի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.