2015-07-12 12:34:00

Ֆրանչիկսոս Պապ նախատեսուած յայտագիրէն դուրս կ՝այցելէ հիւանդ մանուկներու կեդրոն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 12 յուլիսին, մինչ՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՝ուղղուէր դէպի  Ասսունսիոն քաղաքի մարզկեդրոն, հանդիպելու համար Քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, նախատեսուած յայտագիրէն դուրս,  Սրբազան Հայրը պահ մը կանգ առաւ  Ասսունսիօ քաղաքի արուարձանի մէջ գտնուող  Սան Ռաֆայէլի ժողովրդապետութեան հովանիին յանձնուած   հիւանդ մանուկներու ու  ընկերութենէն մեկուսացուած անձերու  կեդրոնատեղիին  ։

Կեդրոնին մէջ Նորին Սրբութեան դիմաւորեց հայր Ալտօ Թրէնթօ ներկայացնելով  Սրբազան Հօր , մահիճին վրայ երկնցած անշարժ բայց իրենց դիմագիծին վրայ  ժպիտը անպակաս  մանուկները։

Սան Ռաֆայէլի ժողովրդապետութեան մարդասիրական կեդրոնին հեղինակն է 67 ամեայ , Սան Քարլօ միսիոնարական  եղբայրութեան միաբանութեան անդամ ՝Հայր Ալտօ Թրէնթօն։  

Նշենք թէ , Հայր Ալտօ, նախապէս Հռոմի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանչիսկսո Պապին հետ անցեալ՝ 8 յունուար 2015ին,  ընկերակցութեամբ Փարակուէյի Սուրբ Աթոռի Պապական նուիրակ Գերապայծառ Էլիզէօ Արիոթթիին։

Հայր Ալտօ , Փարակուէյի մէջ հիմնադիրը եղած է նաեւ, ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներու բուժարանի մը,  անտէր մանուկներու՝ որբանոցի մը , 200 աշակերտներ յաճախող դպրոցի մը , ինչպէս նաեւ հիմնած է  ծերանոց  եւ այլ զանազան բարեսիրական եւ մարդասիրական կեդրոններ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.