2015-07-12 10:58:00

Տօն Պայծառակերպութեան Վարդավառ


Այսօր Հայոց եկեղեցին կը տօնէ Ծիսական հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը`  մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը, կամ այլակերպութիւնը: Եթէ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին կը տօնենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութիւնը, Սուրբ Զատիկին՝ Անոր Փրկչագործութիւնը եւ փառապանծ Յարութիւնը, ուրեմն Վարդավառին, Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տաղաւարին,  կը  տօնենք Իր Աստուածութիւնը: Մեր Հայրերէն մին ըսած էր. «Եթէ Մկրտութիւնը` Քրիստոսի աստուածայայտնութիւնն է ջուրերուն մէջ, ապա Վարդավառը` Քրիստոսի աստուածայայտնութիւնն է լեռներուն վրայ»:

         Այսօր մեզի մեծ ուրախութիւն է, որովհետեւ Քրիստոս իր այգիին ծառայութեան կանչեգ Խաչիկ Սրկ. Գոյումճեան, որ Աստուծային եւ երկնային շնորհքը պիտի ստանայ քահանայութեան ձեռնադրութեամբ: Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի Տէր Խաչիկ ըլլայ բարի հովիւ մը, որ կը հետապնդէ իր հօտին բարիքը եւ փրկութիւնը միշտ եւ հանապազ:

         Վերադառնալով մեր այսօրուայ տօնակատարութեան, մեր նախնիները սոյն տօնը վարդավառ անուանած են, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ Գրիգոր Տաթեւացին. վարդը երբ դեռ կոկոն է իր մէջ կը պարփակէ իր գեղեցկութիւնը, իր գոյները, եւ իր անուշահոտութիւնը. այդպէս ալ Տէրը նախքան իր պայծառակերպիլը` իր մէջ պահած էր իր Աստուածութեան պայծառութիւնը:  Եւ ինչպէս վարդը բացուելով յայտնապէս կ՛երեւի, այնպէս ալ Տէրը այսօր պայծառակերպուելով կը յայտնէ Իր Աստուածութիւնը:

         Առաջին ընթերցումին մէջ լսեցինք ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ կը վկայէ թէ ան ոչ միայն մարմնաւորապէս տեսաւ զՔրիստոս, հետը ապրեցաւ եւ անոր ձեռքերը շոշափեցին Աստուծոյ մարմնացեալ Խօսքը` աղբիւրը կեանքին ինչպէս ուրիշ առաքեալներ, այլ նաեւ ինք աւելի մեծ շնորհքի արժանացաւ: Ան արժանիքը ունեցաւ թափօր լեռան վրայ Քրիստոսի այլակերպութեան ատենը Անոր աստուածային փառքը տեսնելու:

         Ուստի Յովհաննէս առաքեալ մեզի հետեւեալ գեղեցիկ պատգամը կը ձգէ ըսելով. եթէ կ՛ուզենք հաղորդութիւն ունենալ Յիսուսի հետ, մէկ միջոց կայ` պէտք է քալել լոյսի ճանապարհով,  որովհետեւ Աստուած լոյս է, լոյս ի լուսոյ, որ ինքզինք յայտնենց բոլոր մարդոց անխտրաբար. հետեւաբար Քրիստոսի մէջ խաւար չկայ, որովհետեւ խաւարը չ՛ըմբռներ լոյսը. խաւարը մեղքն է որ կը փախչի լոյսէն: Արդ, եթէ մենք ըսենք որ Քրիստոսի հետեւորդներ ենք, ճշմարիտ քրիստոնեաներ ենք եւ մեր գործերը խաւարին մէջ, գրասենեակներու սեղաններու տակէն կը կատարենք` մեծագոյն ստախօսներն ենք, եւ ճշմարիտ չեն մեր գործերը: Որովհետեւ լոյսը մէկ է երեկ, այսօր եւ յաւիտեան: Լոյսը ամէն օր միեւնոյն կերպով կը ճառագայթէ բոլոր արարածներուն վրայ, թէ՛ մանուկին, թէ՛ չափահասին եւ թէ՛ ծերունիին վրայ: Հետեւաբար առաքեալին պատգամը հետեւեալն է` ըլլալ Լոյսի որդիներ:  Այլ խօսքով` ամէն ժամանակ մեր լոյսը թո՛ղ ճառագայթէ բոլոր մարդոց վրայ, թէ՛ աշխատանքի, թէ՛ զբոսանքի ժամանակ, թէ՛ տառապանքի եւ թէ՛ բերկրանքի մէջ մարդիկ թող տեսնեն զայն մեր դէմքերուն վրայ` ինչպէս որ առաքեալները թափօր լեռան վրայ լոյս տեսան Յիսուսի դէմքին վրայ: 

         Այս այնքան գեղեցիկ ու յափշտակիչ տեսարանին առջեւ երեք աշակերտները կը զմայլին, այնպէս որ Պետրոս առաքեալը կը հարկադրուի աղաղակել. «Տէր, մեզի լաւ է որ հոս մնանք եւ եթէ ուզես, երեք վրաններ լարեմ, մէկը քեզի, միւսը Մովսէսի, եւ երրորդը` Եղիայի համար»: Ան կը փափաքի որ այդ երջանկաւէտ, երանաւէտ տեսարանը բնաւ չփարատի եւ անոնք ալ մնան լերան գագաթը: Մինչ Պետրոս հիացած կերկով կը խօսէր ամպ մը ծածկեց զիրենք եւ անոր մէջէն ձայն մը աղաղակեց. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, զոր ես հաճեցայ ընտրել, անոր մտիկ ըրէք»: Երկնային այս վկայութիւնը անգամ մը եւս կու գայ շեշտելու Քրիստոսի աստուածայայտնութիւնը:

         Մինչ լեռնէն կ՛իջնէին, Յիսուս պատուիրեց իր աշակերտներուն որ տեսիլքը ոչ մէկուն պատմեն, մինչեւ որ Ինք Յարութիւն չ՛առնէ: Այս պատուերով, Յիսուս կ՛ուզէ հասկցնել իր առաքեալներուն որ Թափոր լերան փառքը մեզի երկինքի մէջ կը սպասէ, իսկ երկրաւոր կեանքին մէջ հարկ է տառապիլ, չարչարուիլ, նեղութիւն կրել, առօրեայ խաչը կրել յաւիտենական երջանկութեան հասնելու համար:

         Պօղոս առաքեալն ալ չմեռած` յափշտակուեցաւ երրորդ երկինքը, բայց ի՞նչ կ՛ըսէ. «ինչ որ աչքը չէ տեսած, ականջը չէ լսած, ինչ որ մարդուն սիրտը չէ ինկած, Աստուած պատրաստած է զինք սիրողներուն»: Հետեւաբար եթէ մեզի`  մարդոց համար պատրաստուած Աստուծոյ փառքը մի քանի րոպէի մէջ այնքան հրապուրեց, այնքան հիացուց առաքեալները, ու ապշեցուց զիրենք, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի` արդարներուս, երբ մտնենք արքայութիւնը ու հոն մնանք յաւիտեանս յաւիտենից, վայելելով Աստուծոյ, Աստուածամօր ու բոլոր սուրբերուն դէմքը:

         Թէ որ նեղութիւն, նախատինք, ցաւ, արհամարհանք, զրպարտութիւն եւ այլ խաչեր կրենք չի՛ ծուլանանք, չյանձնուինք սատանային եւ անոր չար որոգայթներուն, որովհետեւ ասոնք ժամանակաւոր են, ոչինչ են բախդատմամբ այն մեծ, յաւիտենական եւ անվախճան փառքին, որ մեզ կը սպասէ:  








All the contents on this site are copyrighted ©.