2015-07-12 17:44:00

Սուրբ պատարագ Ասունսիոնի մէջ. ''Քրիստոնեան այն է որ գիտէ հիւրընկալել''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասունսիոնի` Նիու Կուազու-ի սրբավայրին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ, Կիրակի` 12 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին (հռոմի ժամով 16-ին)  հանդիսապետեց  սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ.

“Տէրը անձրեւ պիտի տայ եւ հողը՝ պտուղը։” Այսպէս կը կարդանք Սաղմոսին մէջ (Սղ Ձ. 13)։ Վստահութիւնը կը բխի հաւատքէն։ Միասնութիւն մըն է, որ միշտ պտուղ կու տայ, միշտ կեանք կը շնորհէ։ Վստահութիւն մըն է, որ կը վերածուի վկայութեան շատերու դիմագիծին մէջ, որ մեզ կը խթանեն՝ հետեւելու Քրիստոսի։ Աշակերտները անոնք են, որոնք կը սորվին ապրիլ վստահութեան եւ բարեկամութեան մէջ։ Աւետարանը մեզի կը խօսի այսպիսի աշակերտներու մասին. մեզի կը ներկայացնէ քրիստոնեայի “անձնագիրը”։ “Յիսուս անոնց պատուիրեց, որ ճանապարհին համար բացի գաւազանէ այլ բան չառնեն. ոչ պարկ, ոչ հաց, ոչ դրամ գօտիներուն մէջ, … եւ որ տուն, որ մտնէք, այնտեղ օթեւանեցէք։” (Մրկ Զ. 8-11) Խօսք մը, որ ստէպ նկատի չէ առնուած, սակայն կենդրոնական՝ քրիստոնէական հոգեկանութեան համար, աշակերտելու եւ հիւրասիրութեան փորձառութեան համար։ Քրիստոնեան այն անհատն է, որ սորված է հիւրասիրել, հիւրընկալել։ Յիսուս աշակերտները չ՛ուղարկեր իբր հզօրներ, իբր սեփականատէրեր, գլուխներ, օրէնքի եւ կանոններու պաշտօնեաներ. այլ ընդհակառակը՝ անոնց ուշադրութեան կը յանձնէ՝ որ քրիստոնեայի կեանքի ճանապարհը՝ սրտի փոխակերպումն է։

Պէտք է սորվիլ՝ ապրիլ այլ աշխարհի մը մէջ, այլ օրէնքով, այլ կանոններու ներքեւ։ Պէտք է գերազանցել անձնասիրութեան, ինքնափակումի, բախումի, բաժանումի, գերակայութեան տրամաբանութիւնը՝ անցնելով կեանքի, անշահախնդրութեան, սիրոյ տրամաբանութեան։ Պէտք է գերազանցել իշխելու, ճնշելու, շահարկումի տրամաբանութիւնը՝ անցնելով հիւրասիրման, ընկալման եւ հոգատարութեան տրամաբանութեան։

 

Երկու տարբեր տրամաբանութիւններ են, երկու կերպեր դիմագրաւելու կեանքը եւ առաքելութիւնը։ Որքա՛ն ստէպ կը մտածենք մեր առաքելութեան մասին ծրագիրներու հիման վրայ, կ՛երեւակայենք աւետարանումը հազարաւոր ռազմավարութիւններով կամ մարտավարութիւններով, հնարքներով՝ փորձելով դարձի բերել անհատները մեր պատճառաբանութիւններով։ Մինչ Եկեղեցին հիւրընկալման տունն է. հիւրընկալում անօթիին, ծարաւողին, օտարին, մերկին, հիւանդին, բանտարկեալին, բորոտին, անդամալոյծին. հիւրընկալում՝ այն անձին, որ մեզի պէս չի մտածեր, անոր՝ որ հաւատք չունի, կամ հաւատքը կորսնցուցած է. հիւրընկալում՝ հալածուողին, գործազուրկին. հիւրընկալում՝ տարբեր մշակոյթներու, որոնցմով այնքան հարուստ է այս երկիրը. հիւրընկալում՝ մեղաւորին։

Չարիք մը կայ, որ տակաւ առ տակաւ մեր սրտին մէջ բոյն կը դնէ եւ կը կրծէ մեր կենսունակութիւնը – առանձնութիւնը։ Առանձնութիւնը, որ կրնայ բազմաթիւ պատճառներ ունենալ, բազմաթիւ շարժօններ. մեզ կը բաժնէ ուրիշներէն, Աստուծմէ, հասարակութենէն. մեզ կը փակէ մեր անձին մէջ։ Յիսուս սակայն մեզի կու տայ նոր տրամաբանութիւն մը։ Աստուած հորիզոնները երբեք չի փակեր, Աստուած երբեք կրաւորական չի մնար ի տես տառապանքի։

 

ՄԱՐԵՄԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ

Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ու ապօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ նշեց.

''Սուրբ Կոյս Մարիամ, Աստուածամայրը եւ մեր Մայրը՝ Յիսուսի պարգեւն է մեզի՝ իր ժողովրդին։ Մեզի յանձնեց Մարիամ՝ իբր Մայր՝ խաչի եւ տառապանքի պահուն։ Մարիամ՝ Յիսուսի զոհաբերութեան պտուղն է՝ մեզի համար։ Ինչպէս Լատին Ամերիկայի ուրիշ շատ մը երկիրներու մէջ՝ հաւատքը տոգորուած է Աստուածածնի հանդէպ մեր ունեցած սիրով։

Սրբազան Պապը  քաջալերեց Փարակուէյի ժողովուրդը, որ վստահութեամբ ընթանայ դէպի Մայրը, որ բանայ իր սրտերը, եւ Տիրամօր վստահի հրճուանքներն ու ցաւերը, յոյսերը եւ տառապանքները։

Սրբազան Պապը ապա  Աստուածածինէն խնդրեց, որ իր հովանիին տակ պահէ եկեղեցին եւ ուժեղացնէ եղբայրական կապը անոր բոլոր անդամներուն միջեւ։ Մարիամի օգտութեամբ՝ Եկեղեցին վերածուի բոլորի տուն. ըլլայ տուն մը, որ գիտէ հիւրընկալել, եւ մայր մը բոլոր ժողովուրդներուն համար - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.