2015-07-11 17:30:00

Փարակուէյ - Քաաքուփէի Մարեմեան Սրբավայրին մէջ սուրբ պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ. 11 յուլիսին, Փարակուէյի ժամով առաւօտեան 10-ին, Հռոմի ժամով 16.30-ին,  Քաաքուփէ Քաղաքի, Տիրամօր Նուիրուած Տաճարին մէջ , Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ներկայութեամբ ծովածաւալ  հաւատացեալներուն։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ Սրբավայրը ՝ բոլոր հաւատացեալներուն տունն է,  ինչպէս նաեւ, վայրն է հանդիպումի, տօնակատարութիւններուն  եւ ընտանիքին։ Վայրն  է  ուր  - ըսաւ Ան -   ներում կը հայցենք՝ վերստին սկսելու  համար։ Այնտեղ՝ կը տանինք մեր կեանքը  ու  կը վերանորոգուինք՝ Աւետարանի ուրախութիւնը ապրելու ուժականութիւնը՝՝։

Քաաքուփէի Մարեմեան սրբավայրը կենսական տեղ է Փարակուէյի ժողովուրդին համար։ ՝՝Մարիամը այո ըսաւ  Աստուծոյ ծրագրին ու Անոր կամքին։  Այո մը,  որ երբեք դիւրին չեղաւ ապրիլ, որովհետեւ առանձնաշնորհութիւններ չտուաւ, այլ ինչպէս պիտի ըսէր Սիմէոնը ‘'վահան մը պիտի խոցէր անոր սիրտը՝՝։

Տիրամօր մէջ կը գտնենք  իսկական մայրը,  որ  մեզի կ՝օգնէ կենդանի պահելու  համար մեր հաւատքն ու յոյսը՝ դժուարին եւ խրթին պահերուն։։ Ան՝ հաւատքի կին է , Եկեղեցւոյ Մայրն է։ Անոր կեանքը՝   ապացոյց  է  թէ Աստուած երբեք յուսախաբ չի թողուր ,  չի լքեր իր ժողովուրդը, նոյնիսկ երբ կան պահեր ուր կը կարծուի թէ Ան գոյութիւն չունի- ըսաւ  Սրբազան Հայրը ու ներկայացուց  Աստուածամօր կեանքի երեք դժուար պահեր։

Առաջին՝ Յիսուսի  ծնունդը։  ՝՝Անոր համար տեղ չկար'', Ղուկաս (2, 7)։ Անոնք տուն մը չունէին, բնակարան հիւրընկալէ  անոնց մանուկը։ Ոչ իսկ հարազատ ընտանիք մը. միակ տրամադրուած տեղը` ախոռն էր։

Երկրորդ։ Եգիպտոսէս Փախուստը ։ Յիսուսի ծնողքը  ստիպուեցան Եգիպտոս գաղթել։ Իրենց երկրին մէջ, ոչ միայն տեղ, ընտանիք չունէին, այլ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկուած էր։  Ստիպուեցան դէպի օտար երկիր ճամբան առնել ու ապրեցան գաղթականութիւնը` Կայսրի ագահութեան պատճառաւ։

Երրորդ. Յիսուսի խաչին վրայ մահը ։ Մօր մը համար չկայ աւելի դժուար  իրողութիւն մը քան՝ իր զաւակը առաջնորդել դէպի մահ։ Ահա, Տիրամայրը կը  տեսնենք   խաչին  ոտքին, ամէն մայրերու նման, հաստատ,  որ կ՝առաջնորդէ իր զաւակը մինչեւ  մահի անդունդը ու  մահ խաչին վրայ եւ որ միացած կը պահէ աշակերտները թիկունք կանգնելով անոնց։

Մարիամ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ուզեց մնալ  Իր ժողովուրդին մէջ, իր զաւակներուն, եւ ընտանիքին  հետ,  հետեւելով  միշտ Յիսուսին, ամբոխին ընդմէջէն։ Ան՝ իւրայատուկ  յայտագիր մը չ՝ուներ, մեզի նոր բան ըսելիք չ՝ուներ, միայն իր հաւատքը մեր հաւատքին  կ՝ընկերանայ։ Ան կը մնայ մեր հիւանդանոցներուն մէջ, մեր դպրոցներուն մէջ, մեր տուներուն մէջ։ Է եւ կը մնայ մեր հետ՝ աշխատանքի եւ ուղեւորութեան ընթացքին։  Ան եղաւ եւ կը մնայ իւրաքանչիւր բնակարանի սեղանատան մէջ։ Ան  Եղաւ եւ կը  մնայ ազգի մը կազմաւորման մէջ , մեզմէ ազգ մը կառուցելով։Միշտ զուսպ ու լռելեան ներկայութիւն մը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց  Փարակուէի կիներուն եւ մայրերուն,  որոնք մեծ քաջութեամբ  ու զոհողութիւններով գիտցան վերականգնել կործանուած երկիր մը։ Դուք – ըսաւ Սրբազան Հայրը – ունիք յիշատակը, որ է ժառանգութիւնն անոնց որոնք վերակերտեցին կեանքը, հաւատքը եւ ձեր ազգին արժանապատուութիւնը։ Մարիամի նման, ապրեցաք շատ դժուարին պահեր, որոնք հասարակ տրամաբանութեան համաձայն որեւէ հաւատքի դէմ էին։ Մարիամի նման ու անոր օրինակէն ներշնչուած շարունակեցին հաւատալ եւ յուսալ ամէն յուսահատութեան դէմ։ Երէկ գտաք ու այսօր եւս կը գտնէք ուժը որ այս երկիրը քաոսի չմատնուի։  

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց չի կորսնցնելու , յիշողութիւնը , արմատները,  եւ անթիւ վկայութիւնները, խրախուսելով  որ յառաջ տանին կենդանացած հաւատք որ դարձաւ յոյս։ Դուք եղէք այդ հաւատքը, այդ կեանքը եւ յոյսը կրողները։ Դուք եղէք այսօրուայ եւ վաղուայ Փարակուէյի կերտողները – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հայեացքը ուղղելով Մարիամին, ներկաները հրաւիրեց իրենց հետ կրկնելու ''Քաաքուփէի դրախտիդ մէջ, ահա քու ժողովուրդդ անարատ կոյս որ քեզի կ՛ընծայէ իր սէրն ու իր հաւատքը։ Աղօթէ մեզի համար, Սուրբ Մայր Աստուծոյ, որպէսզի արժանի ըլլանք ընկալելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խոստացած շնորհքները: Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.