2015-07-10 17:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ուղղուած Սանթա Քրուզի բանտարկեալներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 10 յուլիսին, Պոլիվիայի ժամով առաւօտեան  10,30-ին,  իսկ Հռոմի ժամով 15.30ին, Սանթա Քրուզ - Փալմասոլայի բանտին շնորհած այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ բանտարկեալներուն  ուղղեց  ճառ մը, որուն մէջ  խօսեցաւ հաւատքի , յոյսի ու սիրոյ  միջեւ կայացած սերտ կապակցութեան մասին, որ  ընծայուած  է խաչեալ Քրիստոսի կողմէ։

Նորին Սրբութիւնը բանտարկեալներուն  ներկայացաւ որպէս ներում ստացող մարդ մը , որպէս՝ իր մեղքերէն փրկուած մարդ մը՝  Հօր Աստուծոյ ողորմութեան հպումով, որուն Սէրը կ՝ամոքէ, կը ներէ, եւ կը  վերականգնեցնէ։ Սէր մը, որ մարդուն  կը վերադարձնէ արժանապատուութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ, ակնարկեց Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերուն,  որոնք բանտարկուած էին եւ  զուրկ՝ ազատութենէն։

Առաքելապետերու բանտարկութեան շրջանին,  որուն ընթացքին  բան մը անոնց թիկունք կանգնեցաւ, եւ չի թողուց որ յուսախաբութեան մատնուին։ Այդ մէկը եղաւ  անձնական ու հասարակաց աղօթքն էր։ Առաքեալները աղօթեցին եւ անոնց դիտաւորութեան  համար աղօթք կատարուեցաւ։

Երկու շարժումներ, երկու գործունէութիւններ,  որոնք  միասին  կը կազմեն կեանքի ու յոյսի թիկունք կանգնող  ցանց մը  եւ  որոնք կ՝աջակցին  ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն,  զերծ պահելով յուսախաբութենէն եւ կը դառնան մղիչ ուժ՝ յարատեւելու ուղեւորութեան մէջ։

Երբ՝ Յիսուս մուտք կը գործէ անձի մը կեանքին մէջ, այդ անձը, իր անցեալին բանտարկեալ վիճակէն դուրս կու գայ եւ կը սկսի  ներկան դիտել տարբեր ձեւով ու տարբեր յուսադրանքով։

Ան՝ կառչած չի մնար իր անցեալին իրադարձութիւններուն, այլ՝ կը գտնէ ուժը վերստին սկսելու։

Սոյն ապահովութիւնը  մեզ կը մղէ աշխատելու ի սպաս մեր արժանապատուութեան։  Բանտարկութիւնը  ''բացառումի'' հոմանիշը  չէ, որովհետեւ՝ բանտարկութիւնը մաս է ընկերութեան մէջ ''վերազետեղումի'' գործընթացին։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա ընդգծեց թէ բանտին մէջ համակեցութիւնը կախեալ է մասամբ նոյնինքն բանտարկեալներէն։ Տառապանքն ու զրկումը` սիրտը կրնան անձնասէր դարձնել ու առիթ տալ հակամարտութիւններու թէեւ ամէնքն կարողութիւնը ունին այս մէկը վերածելու առիթ` իսկական

եղբայրութեան։ Իրար զիրար օգնեցէք ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մի վախնաք մէկը միւսին օգնելէն։  Սատանան կը փնտռէ մրցակցութիւնը, բաժանումը։ Պայքարեցէք՝ յառաջ ընթանալու համար։

Ի վերջոյ  Ֆրանչիսկոս Պապը իր խօսքը  ուղղեց բանտի աշխատաւորներուն ու ոստիկաններուն  ըսելով. 

Հանրային հիմնական  ծառայութիւն կը կատարէք եւ կարեւոր պարտականութիւն մը ունիք համալրումի գործընթացին մէջ` պատկանութիւնը վերականգնելու եւ ոչ թէ վար առնելու. պարտականութիւնը, արժանապատուութիւն շնորհելու եւ ոչ թէ  խոնարհեցնելու. քաջալերելու եւ ոչ թէ վիրաւորելու։ Այսպիսի  յառաջընթացք մը  կը պահանջէ մէկդի դնել լքել՝ «բարիներու եւ չարերու» տրամաբանութիւնը եւ անցնիլ  այն տրամաբանութեան որ կեդրոնացած է անձի օգնութեան վրայ։ Այսպսէով կ պիտի ստեղծուին բոլորին համար լաւագոյն պայմաններ , որովհետեւ ազնուականութեամբ ապրուած յառաջընթացք մը,  քաջալերանք կը հանդիսանայ եւ կը վերականգնէ բոլորը։

Նախ քան իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելը Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաները հրաւիրեց լռելեան աղօթել` ''ամէն մին իր սրտին մէջ։ իր գիտցածին համաձայն'' ու ապա խնդրեց որ շարունակեն աղօթեն նաեւ իրեն համար, որովհետեւ ինք եւս սխալներ կը գործէ ու պէտք է ապաշխարէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.