2015-07-10 10:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Պոլիվիայի կղերական դասին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Պոլիվիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս­, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի` 9 յուլիսի յետմիջօրէին  Սալեզեաններու ''Քոլիզէօ Տոն Պոսքօ'' դպրոցին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Պոլիվիայի մէջ գործող կղերական դասին հետ` ու այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ խօսքը կեդրոնացուց Մարկոսի աւետարանէն քաղուած երիքովի կոյրի բժշկութեան մասին` ''Ռաբբունի աչքերս թող բացուին''։

Ունկնդրելէ ետք մի քանի կղերականներու վկայութիւնները Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յիսուսի հետեւորդներու երեք հակադարձութիւններու մասին մարդու տառապանքի դիմաց։

Առաջին` անցնիլ անտարբերութեամբ, առանց խղճալու, որովհետեւ վարժուած ենք անարդարութեան։ Գոց սիրտ մը որ կորսնցուցած է փոխուելու կարողութիւնը''։ Քանի անձեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը հետեւին Յիսուսին, եւ իրենց տառապող եղբօր մասին չեն մտածեր ալ կ՛ընթանայ ''ժամանակակից նորութիւններու'' ետեւէն։ 

Երկրորդ հակադարձութիւնը` կոյրին ''լուր մնացիր'' ըսելն է որպէսզի խանգարում չի պատճառէ։ Ասոնք մշտապէս կը բողոքէն` եպիսկոպոսներ, քահանաներ, մայրապետներ, Քահանայապետը....'' ''Ասոնք այլեւս հովիւներ չեն այլ խմբապետեր, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին դիմաց պատնէշներ կը դնեն։ Այս վարուելակերպը զիրենք հեռացուց իրենց ժողովուրդի աղաղակէն, անոր արցունքէն, ու յատկապէս անոր ուրախութենէն''։

''Խնդալ խնդացողին հետ ու արտասուել արտասուողի հետ, այս է քահանայութեան եւ նուիրեալ անցի սրտի խորհուրդի մէկ մասը'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա մատնանշեց թէ շատեր Յիսուսի նման, աղաղակի դիմաց կանգ կ՛առնեն ու փոխանակ զայն լռեցնելու անոր հարց կու տան` ''Ի՞նչ կրնամ ընել քեզի համար''։ Ողորմութիւնը միշտ կանգ կ՛առնէ, ան սիրոյ տրամաբանութիւն է։ Տրամաբանութիւն չվախնալու ու մօտենալու մեր ժողովուրդի ցաւին, այդ պահը դարձնելով աղօթքի պահ մը։

Մենք – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  պատգամի աւարտին - վկաներ ենք ոչ թէ գաղափարախօսութեան, կամ աստուածաբանութիւն գործադրելու ձեւին, մենք Աստուծոյ ''պաշտօնեաներ չենք, մենք վկաներ ենք Յիսուսի ողորմած եւ փրկարար սիրոյ, ոչ թէ մեր արժանիքներուն համար այլ պարզապէս որովհետեւ մենք երախտապարտ վկաներ ենք այն ողորմութեան որ մեզ կը փոխակերպէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.