2015-07-10 17:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ կ՛առնէ Պոլիվիայէն եւ կ՛ուղղուի Փարակուէյ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 10 յուլիսի կէսօրին, տեղական ժամով 12,45-ին (Հռոմի ժամով 18,45-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Քահանայապետը, հրաժեշտ կ՛առնէ Լատին Ամերիկա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Պոլիվիայէն եւ կ՛ուղղուի ճամբորդութեան դէպի երրորդ եւ վերջին հանգրուան Փարակուէյ։ 

Երկու ժամ տեւողութեամբ  թռիչքէ ետք, Ֆրանչիսկոս Պապի փոխադրող Ալիթալիա ընկերութեան օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Փարակուայի Ասունսիոն քաղաքի միջազգային օդակայան, ուր՝ սկիզբ կ՝առնէ Ֆրանչիկսոս Պապի Հարաւային Ամերիկայի ցամաքամասի տուած հովուական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը։

 

Փարակուէյի առաքելական այցելութիւնը։

 

Ասունսիոնի օդակայանին մէջ Ֆրանիչկսոս Պապը կը դիմաւորուի Փարակուէյի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Հորասիօ Մանուէլ Քարթաս Ժարայի  կողմէ, ի ներկայութեան  եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն։

Տեղի կ՛ունենայ երկու Պետութիւններու  պատուիրակութիւններու ներկայացում, զինուորական պատուոյ եւ յարգանքի  արարողութիւն, ապա  Սուրբ ՅՊԲ քահանայապետի, 16-18 մայիս 1988-ին, Փարակուէյ կատարած հովուական այցելութեան  յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակի օրհնութիւնը։

Սրբազան Պապը հուսկ կ՛ուղղուի  Ասունսիոն քաղաքի  Սուրբ Աթոռի առաքելական դեսպանատուն։

Յայտնենք թէ Ասունսիոն մայրաքաղաքը, Փարակուէյի կարեւորագոյն առեւտրական կեդրոնն  է, ունի 1,639,000 բնակչութիւն։ Հռչակաւոր  է գետի մօտ գտնուող զբօսաշրջիկներու եւ առեւտրական մեծ նաւահանգիստով։

Ասունիսիոնի արքեպիսկոպոսական թեմը Հիմնուած է 1 յուլիս 1547-ին, ունի 76 ժողովրդապետութիւններ, 420 եկեղեցիներ, 8 թեմական քահանաներ, 170 կրօնաւոր քահանաներ,  293 դաստիարակչական կեդրոններ, 48 բարեսիրական կազմակերպութիւններ։2014-ին  տուեալներուն համաձայն , վերջին տարուայ մկրտեալներուն թիւն է 22,119 հոգիներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, հուսկ տեղական ժամով երեկոյեան 6.00-ին (Հռոմի ժամով 24-ին), կ՝ուղղուի նախագահական Պալատ՝ պաշտօնական այցելութեամբ՝ ուր կը դիմաւորուի Փարակուէյի նախագահին կողմէ  ու ստորագրելէ ետք ''ոսկեմատեանը'', կը հանդիպի նախագահի ընտանեկան պարագաներուն, տեղի կ՛ունենան պարգեւներու փոխանակում, եւ երկու պետութիւններու պատուիրակութիւններու ներկայացում։ Միեւնոյն ատեն նախատեսուած է հանդիպում ընդմէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինի եւ Փարակուէյի Ազգային կառավարիչի ի ներկայութեան երկու պետութիւններու դիւանագէտներու։

Յաւարտ Փարակուէյի նախագահին հետ առանձնական հանդիպումին, Ֆրանչիսկոս Պապը նախագահական պալատին մէջ կը հանդիպի Պետական Իշխանութիւններուն եւ հանդիպման ընթացքին կ՛արտասանէ Փարակուէյ կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին ճարը։

Փարակուէյի առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան յայտագիրը վերջ կը գտնէ երեկոյեան ժամը 7.30 ին­ (Հռոմի ժամով 1,30-ին)։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.