2015-07-10 10:46:00

ՄԱԿ. Սուրիացի փախստականներուն թիւը գերազանցած է 4 Միլիոնը


Պատերազմի հետեւանքով դրացի երկիրներ ապաստանած սուրիացի փախստականներուն թիւը գերազանցած է 4 միլիոնը, կ՛ըսուի ՄԱԿ փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի զեկոյցին մէջ:

Ըստ զեկոյցին` այժմ Սուրիոյ դրացի երկիրներուն մէջ կը գտնուի 4,013,000 փախստական, ի դէպ՝ վերջին տասը ամսուան ընթացքին թիւը աւելցած է մէկ միլիոնով: Գրասենեակի կանխատեսումներուն համաձայն` 2015 թուականի վերջը անոնց թիւը պիտի հասնի 4.27 միլիոնի:
«Մէկ հակամարտութեան ընթացքին ասիկա փախստականներու ամենամեծ թիւն է: Այս ժողովուրդը արժանի է աշխարհի աջակցութեան, բայց ատոր փոխարէն կ՛ապրի ծանր պայմաններու մէջ, եւ կը սուզուի աղքատութեան մէջ»,-ըսած է գերագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կուտերեշը` յիշեցնելով, որ դեռ 7.6 միլիոն սուրիացի տեղահանուած է երկրին մէջ:

Թուրքիոյ բաժին կ՛իյնայ փախստականներուն 45%-ը` 1,805,255 մարդ: 1,172,753 սուրիացի ապաստանած է Լիբանան, 629,128-ը` Յորդանան, 249,726-ը` Իրաք, 132,375-ը` Եգիպտոս, իսկ 24,055 հազարը` Հիւսիսային Ափրիկէի այլ երկիրներ: 270 հազար սուրիացի եւրոպական երկիրներու մէջ ապաստանելու դիմում ներկայացուցած են:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ 2015 թուականին փախստականներուն եւ զանոնք ընդունող երկիրներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար կը պահանջուի 5.5 միլիառ տոլար, որուն մեծ մասը անհրաժեշտ է ընդունող երկիրներու մէջ անկայուն վիճակները կանխելու համար: Յունիսի վերջին տուեալներով` նուիրատու երկիրները փոխանցած են անհրաժեշտ գումարին միայն 24%-ը: Փախստականներուն մեծ մասը հիմնականօրէն աղքատութեան շեմին է, իսկ անոնց կենսապայմանները չեն համապատասխաներ ընդունուած չափանիշներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.