2015-07-09 09:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Հայր Էսփինալի համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Պոլիվիայի մէջ տեղի ունեցած բարի գալուստի արարողութենէն ետք օդակայանէն դէպի Լա Փաս տանող  Ճանապարհին վրայ Սրբազան Հայրը կանգ առաւ Յիսուսեան Հայր Լուիս Էսփինալի սպանութեան վայրին մօտ։ Հայր Լուիս Էսփինալ Քամբս` սպաննուած է 21 մարտ 1980-ին։ Սրբազան Հայրը սրտաբուխ խօսին մէջ յիշեց թէ ''մեր եղբայր Հայր Սփինալը, զոհուեցաւ շահերու համար որոնք չէին ուզէր որ ինք ազատութեան համար պայքարի։ Հայր Սփինալ` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, կը քարոզէր աւետարանը, այդ աւետարանը խանգարում կը պատճառէր ու ասոր համար սպանեցին զինք։

Նորին Սրբութիւնը ապա խնդրեց մէկ վայրկեան լռութիւն պահել ու աղօթել ու վերահաստատեց թէ ''Հայր Սփինալ քարոզեց Աւետարանը, Աւետարանը որ ազատութիւն կը շնորհէ ու մեզ կ՛ազատագրէ։ Աստուծոյ ամէն մէկ զաւկի նման, Յիսուս կը պարգեւէ այդ ազատութիւնը, եւ ինք քարոզեց այդ Աւետարանը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.