2015-07-09 14:15:00

Պոլիվիայի մէջ Սրբազան Հայրը կը մասնակցի ժողովրդական շարժումներու հանդիպումին։


(Ռատիօ Վատիկան) Պոլիվիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս¬, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի` 9 յուլիսի յետմիջօրէի տեղական ժամով 16-ին (Հռոմի ժամով 22-ին) Սալեզեաններու ''Քոլիզէօ Տոն Պոսքօ'' դպրոցին մէջ, հանդիպում կ՛ունենայ Պոլիվիայի մէջ գործող կղերական դասին հետ` քահանաներ, կրօնաւոր - կրօնաւորուհիներ ու նորընծաներ որուն ընթացքին կը ներկայացուին կղերականներու վկայութիւններ ու ապա Ֆրանչիսկոս Պապը իր սրտի խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն։ 
Վերոյիշեալ հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի ''Էքսփօ Ֆիերա'' տօնավաճառի կեդրոնը որ Պոլիվիայի ամենամեծ կեդրոնը համարուած է¬, ուր  տեղական ժամով 17,30-ին (հռոմի ժամով 23,30-ին) տեղի կ՛ունենայ Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային երկրորդ հանդիպումը, կազմակերպութեամբ Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդին եւ ընկերային գիտութեանց քահանայապետական կաճառին։ 
Հանդիպումին, որ սկիզբ առած էր 7 յուլիսին մասնակցեցան համայն աշխարհէն ժամանած ժողովրդական շարժումներու ներկայացուցիչներ։ Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ, ի մէջ այլոց, Կարդինալ Թուրքսոն` Քահանայապետական` խաղաղութիւն եւ արդարութիւն  խորհուրդին նախագահը։ 
Հանդիպման ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին կը յանձնուի համաշխարհային հանդիպումի եզրափակիչ վաւերաթուղթը ապա տեղի կ՛ունենայ վաւերաթուղթի ներկայացում, Պոլիվիայի Նախագահի զեկոյցը  եւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։
Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը վերադառնայ Սանթա Քրուզի մէջ իր բնակավայր հանդիսացող  Կարդինալ Խուլիօ Թերրացաս Սանտովալի` Սանթա Քրուսի վաստակաւոր Արքեպիսկոպոսի բնակարան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.