2015-07-09 14:29:00

Լա Փասի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ուղղուած Քաղաքային իշխանութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Պոլիվիա ժամանումէն քիչ ժամեր ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լա Փասի մայր տաճարին մէջ իր խօսքերը ուղղեց քաղաքային իշխանութիւններուն։ Ան յարեց, թէ «եթէ քաղաքականութեան մէջ կը գերակշռէ դրամական շահարկումները եւ կամ տնտեսութիւնը կը հիմնուի միայն հմտապետական եւ շահագործական հարացոյցերու վրայ չի կրնար լուծում գտնել մեծ հարցերուն, որոնք կը տանջեն մարդկութիւնը։

Սրբազան Պապը Պոլիվիան սահմանեց իբր «անմեղ եւ գեղցիկ երկիր»։ Լատին Ամերիկայի մէջ այդ երկիրը օրինակ մըն է, որովհետեւ այսօր այս երկրին մէջ, ուր չարաշահում, ագահութիւն, անձնասիրութեան զանազան կերպեր եւ աղանդաւորական հեռանկարներ իր պատմութիւնը մթագնած են։ Պոլիվիայի համար այս առիթ մը կրնայ «ներգրաւման գործօնի ստեղծման։»

Պոլիվիայէն կրնան հասնիլ «մշակութային նոր համադրումներ»։ Ո՛րքան գեղեցիկ են այն երկիրները, որոնք կը գերազանցեն վատառողջ տարբերութիւնները եւ կը ներգրաւեն տարբեր տարրեր, եւ որոնք այս ներգրաւումը զարգացումի նոր գործօնի մը կը վերածեն։

Այս բոլորը կ՝ընթանայ դէպի մարդկային անհատի գերագոյն յարգանքը։ Կենսոլորտը եւ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական միջավայրը սերտօրէն առընչուած են իրարու։

Ահա ճիշտ ասոր համար քաղաքականութիւնը պէտք չէ ենթարկուի «դրամական շահարկումի» եւ կամ տնտեսութիւնը պէտք չէ միայն հիմնուի «առաւելագոյն արտադրողականութեան հարացոյցին վրայ։»

Հետեւաբար պէտք է ուղիղ կերպով նկատի առնել ժողովրդական աւանդութիւնները եւ կրօնքներու դերը։ Սրբազան Պապը ընդգծեց, որ կրօնական ազատութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ, թէ հաւատքը կարելի չէ նուազեցնել լոկ ենթակայական մարզի մը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կոչ ուղղեց՝ չշփոթել «հասարակաց բարիքը»՝ «բարեկեցութեան» հետ։ «Բարեկեցութիւնը, որ նկատի կʼառնէ միայն նիւթական առատութիւնը, կը միտի ըլլալ անձնասէր։ Բարեկեցութիւնը, փոխանակ օգնելու՝ յառաջ կը բերէ հակամարտութիւններ եւ ընկերային մասնատումներ. պարտադրելով ինքզինք իբր գերիշխող հեռանկար՝ յառաջ կը բերէ կաշառակերութեան չարիքը։

Վերջապէս Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ընտանիքի դրական արժէքներու եւ գաղթականութեան մասին։ Ընտանիքին նեցուկ չկանգնիլ, կը նշանակէ ամենէն խոցելիները լքել անպաշտպան։ Անդրադառնալով գաղթականութեան հարցին՝ ան ըսաւ՝ «Ժողովուրդ մը, որ կը փնտռէ հասարակաց բարիքը, չի կրնար ինքն իր մէջ փակուիլ. յարաբերութեան ցանցերը կʼամրապնդեն ընկերութիւնը։ Պէտք է հետեւաբար կերտել կամուրջներ, եւ ոչ պարիսպներ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.