2015-07-09 09:43:00

UNESCO-ի հիմնադրման 70-ամեակին նուիրուած միջազգային խորհրդաժողով Երեւանի Մէջ


Յուլիս 11-13 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մշակութային քաղաքականութիւն, քաղաքականութիւն մշակոյթի համար. մշակոյթի դերը «Ետ-2015» զարգացման օրակարգին վրայ» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը` նուիրուած UNESCO-ի հիմնադրման 70-ամեակին:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով` խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին պատուիրակներ 45 երկրէ եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ:

Խորհրժադողովի ծիրէն ներս պիտի կայա­նան «Մշակոյթի դերը կայուն զարգացման գործում 2015 թ. օրա­կարգէն ետք. նոր իրականութիւն եւ հեռանկարներ» խորագիրով լիագումար եւ «Մշա­կոյթի ապագան. Ապագայի մշակոյթը» եզրափակիչ նիստերը, ինչպէս նաեւ «Մշա­կութային ժառանգութիւնը` իբրեւ մարդկային համախմբ­ման եւ հոգեւոր հաղորդակցման գործօն», «Մշակութային բազմազանութիւնը միջմշակութային երկխօսութեան եւ կայուն զարգացման երաշխիք», «Ոչ նիւթական մշա­կու­թա­յին ժա­ռանգութիւնը փոփոխուող աշխարհի մէջ» խորագիրներով սեղանները:

Խորհրդաժողովին արտերկրէն պիտի մասնակցին UNESCO-ի, ԵՄ եւ տարբեր երկիրներու մշակոյթի նախա­րար­ներ, փոխնախարարներ, Հայաստանի մէջ հաւատար­մա­գր­ուած դիւանագիտական առաքե­լութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկա­վարներ, օտարերկրեայ պետութիւններու մշակութային կեդրոններու ներկայա­ցու­ցիչ­ներ, ոլորտի փորձագէտներ, Հայաստանէն` շահագրգռուած գերատեսչութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.