2015-07-08 10:41:00

Տառապանքի Տիրամօր հրաշագործ պատկերը


(Ռատիօ Վատիկան) Տառապանքի Տիրամօր հրաշագործ պատկերը կը գտնուի Քիթօ քաղաքի Iglesia de la Compania եկեղեցւոյ մէջ, ուր՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը , Երեքշաբթի, 7 յուլիսին, եկեղեցիին տուած այցելութեան ընթացքին, Տիրամօր պատկերին առջեւ պահ մը  ամփոփուեցաւ։   

Հակիրճ պատմականը

1906-ին, Էքուատորի ազգային ժողովը կը հռչակէ Պետութեան աշխարհայնացումը, արգիլելով հրապարակային կրօնական ձեռնակները եւ գրաւելով եկեղեցական հարստութիւնները։ Նոյն տարին, կ՝իրականանայ Տառապանքի Տիրամօր պատկերի հրաշքը։ 20 ապրիլ 1906-ին, Քիթօ քաղաքին մէջ գտնուող Յիսուսեան Միաբանութեան Սուրբ Գաբրիէլի անուան դպրոցին մէջ Տիրամայրը կը յայտնուի Տառապանքի տիրամօր պատկերին ընդմէջէն աչքերը շարժելով։ Հրաշքին ականատես եղած են դպրոցի  35 աշակերտները՝ սեղանատան  մէջ։ Հրաշքը պաշտօնապէս կ՝ընդունուի եկեղեցւոյ կողմէ 1906-ին, 31 մայիսին։ Այդ տարիէն ի վեր, Սուրբ Գաբրիէլի դպրոցը կը դառնայ պաշտամունքի վայր եւ Հրաշագործ Տիրամօր պատկերը, ուխտագնացութեամբ կը փոխադրուի  եւ կը ցուցադրուի երկրին զանազան քաղաքներուն մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.