2015-07-08 07:28:00

Պոլիվիա. Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) 7-9 Յուլիս 2015­, Պոլիվիայի Santa Cruz de la Sierra-ի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հանդիպումը որ պիտի եզրափակուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ։

Հանդիպումը նախաձեռնուած է  արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի եւ ընկերային գիտութեանց քահանայապետական կաճարի համագործակցութեամբ որուն գլխաւոր նիւթն է  «Երկիրը, տուն եւ աշխատանք, մարդկային նուիրական իրաւունքը եւ էական բարիքները»։

Ժողովրդական շարժումներու հանդիպումը աննախընթաց դէպք մըն է եւ կը վայելէ բազմաթիւ կառավարութիւններու  աջակցութիւնը ու մասնակցութիւնը հանդիպումին։ Կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 1500 հոգիներու եկած Պրազիլէն, Արխենթինայէն, Չիլիէն, Քոսթա Ռիքայէն, Քոլոմպիայէն, Տոմենիքեան հանրապետութենէն, Մեքսիքոյէն, Էքուատորէն եւ Էլ Սալվատորէն։

ԱՄՆէն կը մասնակցին 5 պատուիրակութիւններ, Իտալիայէն` երկու, Հնդկաստանէն` չորս ու Քենիայէն` երկու։ Յայտնենք որ նախապատրաստական այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ անցեալ Հոկտեմբերին, շնորհիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քաջալերանքին։ Ան մօտէն ճանչցած է ժողովրդական շարժումները ու անոնց պատասխանատուները։ 

Քրիստոնեան կարող չէ անտարբեր կեցուածք մը ունենալ հանդէպ աղքատին, քանի աղքատը առանցքը կը կազմէ Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումին։

Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով ժողովրդական շարժումներու հանդիպումը կը նպատակադրէ արթնցնել կառավարութիւնները ու խիղճերը։

Կարդինալ Թուրքսոնի գնահատումով ժողովրդային շարժումները կը ցնցեն մարդկային խիղճերը ու կառավարութիւնները։ Ան կը հաստատէ թէ Եկեղեցւոյ դերն է անսալու անհատներու իրականութեան, ընդառաջել անոնց պահանջքին ու գործել անոնց բարգաւաճումին ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.