2015-07-08 09:51:00

Պապը դաստիարակչական աշխարհը կը խրախուսէ մտածելու արարչութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 7 յուլիս 2015-ին տեղական ժամով 16,15-ին (Հռոմի ժամով 23,15-ին) Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն կատարեց` 1946-ին հիմնադրուած, Էքուատորի Քահանայապետական Կաթողիկէ համալսարանին ուր ժամը 16,30-ին (Հռոմ 23,30) հանդիպում ունեցաւ դպրոցական եւ համալսարանական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ ու անոնց ուղղած իր ճարին մէջ Սրբազան Պապը խորացաւ Ղուկասի Աւետարանէն առնուած սերմնացանի առակին վրայ։ Յիսուս կ՛ուսուցանէր բազմութեան եւ աշակերտներու փոքր խմբակի մը, յարմարելով իրենց ըմբռնողութեան կարողութեան։ Անով կ՛ուզէր հասնիլ մարդոց սրտերուն։ Սերմնացանի առակը մեզի կը խօսի մշակելու մասին։ Մեզի ցոյց կու տայ հողի տարբեր տեսակները, սերմի տարբեր տեսակները։

Արդէն Ծննդոց Գրքին մէջ Աստուած մարդը կը հրաւիրէ մշակելու։ Մշակել եւ պահպանել։ Արարիչը մեզի պարգեւ մը կու տայ, որ պէտք է բաժնեկցինք։

Այսօր կանչուած ենք մտածելու եւ բանակցելու արարչութեան մասին ու այն չարիքին որ հասցուցինք շահագործելով ''բարիքները'' զոր Աստուած մեզի պարգեւեց ու յանձնառումով աշխատելու մեր հայեացքը այլուր չդարձնելու իրողութեան եւ մեր եղբայրակիցներուն դիմաց''։

''Աստուածէ ընկալեցինք այս հողը որպէս ժառանգութիւն, որպէս պարգեւ, որպէս նուէր, որ պէտք է բաժնեկցենք'' ըսաւ Սրբազան Հայրը, 30 հազար աշակերտներու ուղղած իր խօսքին մէջ վերարծարծելով ''Լաուտաթօ Սի'' շրջաբերականի նիւթերը։

Ան ապա մատնանշեց այն իրողութեան թէ աղքատի անօթութենէ եւ ցուրտէ մահը այլեւս հետաքրքրական լուր մը չէ մինչ եթէ աշխարհի հիմնական քաղաքներու տնտեսական վիճակը կը խախտի համաշխարհային գայթակղութիւն կը յառաջանայ։ Հարց կու տամ *ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ''Ո՞ւր է եղբայրդ'' ու ձեզ կը հրաւիրեմ այս հարցումը ուղղելու ձեր միջավայրէն ներս։ Ան ապա  հաստատեց թէ դպրոցական միջավայրը հնարաւորութիւն մըն է, պատրաստ հող մը, որ պէտք է մշակենք, խրախուսենք եւ պաշտպանենք։ Պատրաստ հող մը որ ունի կեանքի ծարաւ։

Արդ, ըստ Սուրբ Գրքին մշակել եւ պահպանել կամ հոգ տանիլ՝ միասնականութիւն մըն է, ըսաւ

Սրբազան Պապը շեշտելով մարդու եւ հողի արդար եւ ուղիղ յարաբերութեան վրայ ապա կոչ ուղղելով դաստիարակներուն՝ կրթելու երեխաները այնպէս, որ ուղիղ կերպով դիմագրաւեն աշխարհի մարտահրաւէրները։

''Որպէս համալսարանական կառոյց, որպէս դաստիարակներ եւ դասատուներ, եւ որպէս աշակերտներ, կեանքը ձեզ կը դնէ մարտահրաւէրի մը դիմաց պատասխան տալու համար հետեւեալ հարցումներուն ''Ինչո՞ւ պէտք ունինք այս հողին. Ո՞ւր է Քու եղբայրդ'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց Հայցելով Սուրբ Հոգւոյն նեցուկը, որպէսզի մեզի ուժ ներշնչէ ու ըլլայ մեզի համար ճանապարհորդութեան վարդապետ եւ ընկերակից։








All the contents on this site are copyrighted ©.