2015-07-08 12:26:00

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի զրոյցը հայող Ֆրանչիսկսոս Պապի 7 յուլիսի յայտագիրին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 8 յուլիսին, Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապի լատին Ամերիկայի առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանի յայտագիրին մասին որ յատկանշուեցաւ, ըսաւ Ան, երկխօսութեան ու զօրակցութեան պատգամով։

Զրոյցի ընթացքին Հայր Լոմպարտին յայտնեց, թէ  ''Նորին Սրբութեան  առողջական վիճակը շատ լաւ է , եւ այս մէկը ինք չէ որ կը հաստատէ,  այլ՝ կը բացայայտուի   Ֆրանչիսկսոս Պապին ունեցած  արտակարգ խանդավառութենէն''։

Հայր Լոպմարտի ապա անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կատարած այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն մասին որոնք ընդգրկեցին Էքուատորի եպիսկոպոսներուն հետ առանձնական հանդիպումը, Քիթօ քաղաքի bicentennario անուան հանրապարտեզին  մէջ  մատուցուած Սուրբ Պատարագը ապա Ֆրանչիկսոս Պապին հանդիպումը համալսարանական աշակերտութեանց եւ   Քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։

Հայր Լոմպարտի իր ունեցած զրոյցին մէջ   ընդհանուր ակնարկ կատարեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի արտասանած ճառերուն մասին, որոնց մէջ կ՝ընգդծուի, ըսաւ Ան -  երկխօսութեան եւ աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ներդաշնակ ընկերութեան  կառուցման ի խնդիր, որ կարող է  ներառնել ընկերութեան  զանազան տարրերն ու անոնց պատասխանատուութիւնները՝ որպէս մտահոգութիւն ունենալով ազգին  հասարակաց բարիքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ճառերուն որպէս որդեգրուած մեթոտ որոշեց մեկնիլ ընտանիքի շօշափելի փորձառութենէն, անոր արժէքներէն ու այդ արժէքներու ընդլայնումէն ընկերութեան մէջ։ Ան ապա  շօշափելի ուղեգիծ մը ներկայացուց վարուելակերպի մասին, որ  իւրաքանչիւրը ունենալու է  դրական  նպաստը տալու երկրին ապագային ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.