2015-07-07 10:18:00

Յունաստանի հանրաքուէի պաշտօնական արդիւնքները կը մտահոգեն Եւրոպան


Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուեցաւ վարկատուներու եռեակին` Միջազգային դրամական ֆոնտին, Եւրոպական կեդրոնական դրամատան եւ Եւրոպական յանձնաժողովին ճշդած պահանջներուն շուրջ հանրաքուէի արդիւնքները:

Նշեալ պահանջներուն «Ոչ» քուէարկած է քուէարկողներուն 61,31 առ հարիւրը, իսկ «Այո»` 38,69 առ հարիւրը: Անվաւեր ճանչցուած է քուէաթղթիկներուն 5,8 առ հարիւրը: Մասնակցութեան համեմատութիւնն էր 62,5 առ հարիւր. հանրաքուէն օրինական կը նկատուի, եթէ մասնակցութեան համեմատութիւնը ըլլայ առնուազն 40 առ հարիւր: Քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցած է 9,9 միլիոն քաղաքացի:

Աւելի կանուխ վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս ողջունած էր յոյներուն «համարձակ ընտրութիւնը» եւ յայտարարած, որ յունական կառավարութիւնը պատրաստ է վերադառնալու վարկատուներու հետ բանակցութիւններու սեղան: Ըստ անոր, նախ եւ առաջ, անհրաժեշտ է հասնիլ դրամատնային համակարգի վերականգնման, ինչպէս նաեւ պարտքի վերաձեւաւորման: Ցիփրաս շեշտած էր, որ կարելի չէ ժողովրդավարութիւնը շանթաժի ենթարկել:

Եւրոյի գօտիի խմբակի ղեկավար Երուն Տէյսելպլում յայտարարած է, որ հանրաքուէին արդիւնքը «շատ ցաւալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Յունաստանի ապագային վրայ»: Իսկ Գերմանիոյ փոխվարչապետ Զիկմար Կապրիել ըսած է, որ «դժուար է պատկերացնել», թէ ինչպէ՛ս կրնան վերսկսիլ բանակցութիւնները Յունաստանի հետ:

Ըստ անոր, Ցիփրաս եւ անոր կառավարութիւնը երկիրը կը տանին «օտարացման եւ յուսահատութեան» ճամբով:

Հանրաքուէի վերջնական արդիւնքին հրապարակումէն ետք Յունաստանի նախկին վարչապետ Անթոնիս Սամարաս, որ կը պայքարէր «Այո»-ին համար` հրաժարած է ընդդիմադիր աջ կեդրոնամէտ Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնէն:

Արդիւնքներու հրապարակումէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել այսօր եւրոպական վեհաժողով մը հրաւիրեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.