2015-07-07 09:17:00

Էքուատոր. Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը նախագահական պալատ եւ Քիթոյի Մայր տաճար։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի 6 յուլիս 2015-ին, Էքուատորի Կուայաքիլի թեմին կատարած հովուական այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձաւ Քիթօ­, ուր տեղական ժամով 19-ին (Հռոմի ժամով առաւօտեան կանուխ 2-ին) պաշտօնական այցելութիւն տուաւ երկրին նախագահին Տիար Ռաֆայէլ Քորրէայի որ 2013-ին երրորդ անգամուան համար ընտրուեցաւ որպէս երկրին նախագահ եւ որ անցեալ 28 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի մէջ հանդիպած էր Ֆրանչիսկոս Պապին։

Նախագահական պալատ ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւրուեցաւ Նախագահին կողմէ ու միասնաբար ուղղուեցան նախագահական գրասենեակ ուր տեղի ունեցաւ առանձնական հանդիպում, մինչ միաժամանակ տեղի կ՛ունենար այլ հանդիպում մը Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարի եւ Էքուատորի դիւանապետի միջեւ։

Առանձնական հանդիպումի աւարին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում ապա Նախագահական ընտանիքի ներկայացում եւ պատուիրակութիւններու ներկայացում հուսկ նախագահ Քորրէա ընկերացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մինչեւ նախագահական պալատի ներքնագաւիթ որտեղէն Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Քիթոյի Աթոռանիստ Եկեղեցի` որ կառուցուած է ԺԶ դարուն եւ որ կը գտնուի նախագահական պալատին կից ''Բլազա Մայոր'' կոչուած հրապարակին վրայ։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ հետիոտն այցելեց Քիթոյի մայր տաճարը։ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւը ընդունեց Սրբազան Քահանայապետը, որ Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ կարճ աղօթք մը մատոյց եւ ապա օրհնեց 'Բլազա Մայոր'' հրապարակի վրայ հաւաքուած բազմութիւնը եւ այս առթիւ իր պատրաստած բայց ոչ արտասանուած ողջոյնի խօսքին մէջ ան յայտնեց թէ եկած է ՝ իբր ուխտաւոր, զանոնք բաժնեկից դարձնելու ուրախութեան եւ աւետարանելու։

Յիշեցուց Սրբուհի Մարիաննայի նկարը, որ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարի մէջէն կը հսկէ Քահանայապետի ճանապարհին վրայ։

Սուրբերը մեզ կը հրաւիրեն հետեւիլ իրենց դպրոցին, ինչպէս ըրած էին Սրբուհի Նարչիզա եւ Երանելի Մերսետես տի Ճեզու Մոլինա, հրահրուած Սրբուհի Մարիաննայի օրինակէն։ Անոնք բացառիկ արարքներ չէին գործած։ Պարզապէս սիրած էին յոյժ եւ սէրը ցոյց տուած էին առօրեայ կեանքին մէջ։ Այս տաճարը կառուցելու համար, փոխադրութեան աշխատանքները, փորագրութիւնները, որմնադրութիւնը կատարուած են բնիկ ժողովուրդի սովորոյթներուն համապատասխան։ Աշխատանք մը, կատարուած բոլորի կողմէ՝ հասարակութեան բարիքին համար, անանուն աշխատանք մը, առանց գովազդային տոմսերու եւ ծափահարութիւններու։ Աստուած կամենայ, որ ինչպէս այս տաճարի քարերը, այնպէս նաեւ մենք մեր ուսերուն վրայ առնենք ուրիշներու կարիքները, օգնելով որ կառուցուի եւ նորոգուի բազմաթիւ եղբայրներու կեանքը, որոնք չունին ոյժը զայն կառուցելու եւ կամ ականատես եղած են անոր խորտակումին։

Նորին Սրբութիւնը ապա բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.