2015-07-06 09:59:00

Թուրքիոյ մէջ կանխահաս ընտրութիւններ,եթէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը ձախողին


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ կանխահաս ընտրութիւններու ընտրանքին պիտի դիմուի, եթէ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան աջակցութիւնը վայելող կառավարութեան մը կազմութեան ջանքերը մատնուին ձախողութեան:

«Եթէ կարելի չեղաւ կառավարութիւն կազմել, ապա մեր ժողովուրդը դարձեալ պիտի տայ լուծումը: Եթէ խորհրդարանը չկարենայ լուծումը տալ, ատիկա մեր ժողովուրդը պիտի կատարէ: Ոչ ոք պէտք է տատամսի ժողովուրդին դիմելէ»:

Ան իր այս կեցուածքը հիմնաւորեց Թուրքիոյ դիմագրաւած «վտանգաւոր հարցերով»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.