2015-07-05 09:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աւանդական այցելութիւնը Սանթա Մարիա Մաճճորէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն բանբեր Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին տեղեկացուց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը  սովորութեան համաձայն­, առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին­, շաբաթ 4 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան Սուրբ Կոյսին հոգատարութեան յանձնելու Լատին Ամերիկա կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը։ ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' մարեմեան սրբապատկերին ոտքին փունջ մը ծաղիկ զետեղեց` այցելելիք երեք երկիրներու դրօշներու գոյներով։ Ան ապա 20 վայրկեան ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.