2015-07-04 11:20:00

Յորդանանի գարիթասի ընդհանուր տնօրէնը կը մեղադրէ աշխարհի մեծ իշխանութիւնները


(Ռատիօ Վատիկան) Յորդանանի մէջ ապաստան գտնող Սուրիացի  գաղթականներուն ի նպաստ, ՄԱԿ-ը  նուազեցուցած է  նիւթական   օժանդակութիւնը,  անօթութեան մատնելով աւելի քան 450,000 անձեր, եւ բացասական հետեւանքներ ստեղծելով Յորդանանեան թագաւորութեան քաղաքական կայունութեան։

Սոյն ահազանգը հնչեցուցած է Յորդանանի Գարիթասի ընդհանուր տնօրէն տիար Վայէլ Սուլէյման զրոյց ունենալով Ֆիտէս լրատուական գործակալութեան հետ  3 յուլիս 2015-ին։.

Սուլէյման հաղորդած է,  թէ ՄԱԿ-ի սննդեղէնի բաժանմունքը շաբաթ մը առաջ ազդարարած է, թէ դրամական  ֆոնտի  պակասութեան պատճառաւ  ՄԱԿ- ի դրամական հիմնարկը պիտի նուազեցնէ  սննդեղենի բաշխման օժանդակութիւնը։

 Նշենք, թէ ներկայիս Յորդանանին մէջ կը գտնուին մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար Սուրիացի գաղթականներ, որոնցմէ՝ միայն 650 հազարը արձանագրուած են ՄԱԿ- գրասենեակի ցուցակներուն մէջ։

Յորդանանի գարիթասի ընդհանուր տնօրէնը , ՄԱԿ-ի նիւթալան օժանդակութեան նուազեցումը վերագրած է միջազգային ընտանիքի որդեգրած քաղաքականութեան՝ միջին արեւելքի երկիրներու նկատմամբ,  աւեցնելով թէ ակնյայտ է , որ միայն  խաղաղութեան հսկայ  յառաջընթացքով կարելի է փորձել դուրս գալ  սոյն տաժանելի կացութենէն  ­ բայց՝ յստակ է , թէ կան մարդիկ որոնք շահախնդիր են  միջին արեւելքի մէջ խանգարումներ ստեղծել։ Գարիթասի տնօրէնը մեղադրելով աշխարհի մեծ իշխանութիւնները  ընդգծած է թէ  դրամի պակասութեան պատճառաւ կարելի չէ կերակուր ապահովել  գաղթականներուն սակայն՝  զէնք շինելու , ծախելու եւ գնելու համար  կարելի է միշտ դրամ  հայթայթել։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.