2015-07-04 13:05:00

Զ. Կիրակի Պենտեկոստէի (Մտթ. 14, 13 – 21)


Անցեալ կիրակի, Յիսուս մեզի իմաստալից առակ մը պատմեց Երկնքի Արքայութեան մասին: Երկինքի Արքայութիւնը նմանցուց արտի մը, որուն մէջ տէրը միայն բարի սերմ ցանած է, բայց թշնամին գաղտնի, գիշերանց, նոյն արտին մէջ որոմ կը ցանէ ու այդպէս ցորենը եւ որոմը միասին կը ծլին եւ կ՛աճին: Իսկ այսօր, Մատթէոսի աւետարանը մեզի կը նկարագրէ ամենածանօթ եւ ամէնէն գեղեցիկ ու խորհրդանշական հրաշքներէն մին՝ հացերու եւ ձուկերու բազմացումը:

         Երեկոյ է. ժողովուրդը` զանազան քաղաքներէն եկած` հիացած մտիկ կ’ընէ Յիսուսի սքանչելի խօսքերուն ու վարդապետութեան, եւ բուժումներ կը ստանար: Աշակերտները կը մօտենան Քրիստոսի եւ զինքը կը զգուշացնէն ըսելով  թէ ժողովուրդը անօթեցած է եւ պէտք է զանոնք արձակել որպէսզի  մերձակայ գիւղերէն ուտելիք գնեն, որովհետեւ տեղը ուր կը գտնուէին անապատ էր եւ արդէն մութը ինկած է: Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Կարիք չ՛ունին երթալու, դուք տուէ՛ք անոնց ուտելիք »:

         Աշակերտները կը շուարին, ո՞ւրտեղէն կարելի է հայթայթել այդքան կերակուր ամբողջ ժողովուրդին համար: Եւ կամ այդ կերակուրը գնելու համար ո՞ւրտեղեն դրամը ապահովել։ Այն ատեն Յիսուս անոնց կը հարցնէ. «գացէ՛ք, տեսէ՛ք քանի՞ հաց ունիք » (Մարկոս 6.38): Ստուգելէն ետք անոնք ըսին.  «հինգ հաց եւ երկու ձուկ»: Տէր Յիսուս կը հրամայէ, որ ժողովուրդը նստեցնեն խումբ խումբ, կ’առնէ հինգ հացերը եւ երկու ձուկեըը, աչքերը երկինք կը բարձրացնէ, այսինքն` գոհութիւն կը մատուցանէ իր Հօր Աստուծոյ, կ’օրհնէ եւ կը յանձնէ աշակերտներուն, որպէսզի բաժնեն: Ամէնքը կը կշտանան եւ մնացած կտորները կը լեցնեն 12 սակառներու մէջ: Կերողներուն թիւը հինգ հազար հոգի էին առանց հաշուելու կիներն ու մանուկները:

         Դէպքը հրաշալի է. Ունի խորհրդանիշներ. հինգ հացերը կը խորհրդանշեն հրեաներուն առաջին հինգ գիրքերը` հնգամատեան, իսկ երկու ձուկերը կը խորհրդանշեն Հին եւ Նոր Կտակարանները: Իսկ 12 սակառները կը խորհրդանշեն հրեաներուն 12 ցեղերը:

         Հացերու բազմացումին մէջ կը տեսնենք նաեւ Ս. Հաղորդութեան խորհրդանիշը` կ’առնէ հինգ հացերը, գոհութիւն կու տայ, կ’օրհնէ եւ կը յանձնէ աշակերտներուն, որպէսզի բաժնեն: 

         Հացերու բացմացումին հրաշքը կը պարունակէ նաեւ ուրիշ պատգամներ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Շատ անգամ գործ մը կատարելու ընթացքին, երբ կը հանդիպինք անյաղթահարելի դժուարութիւններու կը դժուարանանք լուծում գտնելու, Կ’ուզենք այս ինչ գործը ընել, սակայն դրամ չունինք:  Ծրագիրներ կը մշակենք, սակայն աշխատելու համար բաւարար մարդուժ չկայ: Ընե՛նք, բայց չկայ, մեր կարողութենէն վեր է, եւ կը յուսահատինք:  Նոյնն էր աշակերտներու վիճակը: Տէրը կ’ուզէր իր աշակերտները փորձել եւ սակայն անոնք չէին գիտեր թէ ինչ պէտք էին ընել: Միայն հինգ հաց եւ երկու ձուկ ունէին: Որո՞ւն կը բաւէր: Անկարելի էր: Յիսուս ըսաւ. «Հո՛ս բերէք զանոնք» (Մատթէոս 14.18): Եւ անկարելին կարելի դարձաւ:

          Եթէ կը մտածենք թէ մեր կատարած գործը Աստուծոյ հաճելի է, ու արդար, այլեւս իրաւունք չունինք մտածելու, որ տկար ենք, պակասներ ունինք, դրամ չունինք եւ այլն: Եթէ գործը աստուածային է, չենք կրնար ըսել թէ քիչ բան ունինք եւ չենք կրնար: Դնենք մեր քիչը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի առջեւ։ Ան կ’օրհնէ մեր քիչը եւ մեր սահմանափակ կարողութիւնները, եւ այս քիչով հրաշքներ կը գործէ եւ մեր քիչը ամենուն կը բաւէ ու կ’աւելնայ:

         Չյուսահատինք դժուարութիւններու դիմաց, այլ գօտեպնդուինք մտածելով, թէ Տէրը ամենակարող է եւ պիտի օգնէ մեզ: 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.