2015-07-03 10:40:00

''Միութեան եւ խաղաղութեան ուղիներ'' Ս. Հոգւոյն խարիզմական շարժումին հաւաքը ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միութեան եւ խաղաղութեան ուղիներ. աղօթքի ձայներ այսօրուայ մարտիրոսներուն եւ հոգեւոր համամիութեան ի նպաստ'' այս է այսօր` 3 յուլիսի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ,Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցող Ս. Հոգւոյն մէջ նորոգում խարիզմական շարժումի  38-րդ  հաւաքին կեդրոնական նիւթը։ Հոգեւորականութեան, վկայութեան եւ դաւանանքներու միջեւ եղբայրութեան բնոյթ ունեցող հանդիպում մը` որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 30 հազար հոգի։

Վերոնշեալ շարժումի նախագահ` Սալվաթորէ Մարթինէզ հաւաքը որակեց ''Զանազան ձայներով աղօթքի վերնատուն այսօրուայ նահատակներուն ի նպաստ'', որ կ՛եզրափակուի Ֆրանչիկսոս Քահանայապետին հետ հանդիպումով։

''Միութեան եւ խաղաղութեան ուղիներ – աղօթքի ձայներ այսօրուայ մարտիրոսներուն համար ու հոգեւոր համամիութեան ի խնդիր'' բնաբանով իւրայատուկ բնոյթ ունեցող ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհահռչակ արուեստագէտներ որոնց շարքին նշենք` Իտալացի Անտրէա Պոչչելլին եւ Իսրայէլացի Նոան, որ մեծապէս գնահատած է Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի նպաստ Ֆրանչիսկոս Պապին ջանքերը ինչպէս նաեւ մարդկութեան միջեւ կամուրջներ կերտելու անոր յանձնառումը։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ս. Պետրոս հրապարակ մուտքը  նախատեսուած է ժամը 18-ին։ Նշենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ս. Հոգւոյ խարիզմական շարժումը կոչած է.  ‘’Շնորհքի հոսանք մը Եկեղեցւոյ մէջ ու Եկեղեցւոյ համար’’։ 

Քահանայապետը իր շուրջ կը համախմբէ աշխարհի խաղաղարար այրերն ու կիները, անոնք որոնք կառչած են աղօթքին, որպէսզի` յաղթահարելով աւանդութիւնները եւ անդամակցութիւնները, կրօնական յարանուանութիւնները կարենան ցոյց տալ թէ մեր այս աշխարհը որ միշտ աւելիով թիրախ է բռնութեան, անարդարութեան եւ հարստահարումի կարող է տակաւին արտայայտել իր արդիւնաւէտ գեղեցիկ դէմքը` միութեան եւ խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.