2015-07-03 10:32:00

Բաղրամեան պողոտայէն հեռացուած են ջրցան ու ջրահապատ մեքենաները


Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ կը շարունակուի համաժողովրդական ընդվզումը: Ժողովուրդի բողոքը կ՛ընթանայ ինքնակառավարմամբ` ՀՀ Սահմանադրութեան, միջազգային իրաւական չափորոշիչներուն  եւ ժողովրդավարական ոգիին համապատասխան: Եւ բնականոն է, որ պայքարը տարբեր փուլերու մէջ կը համակարգուի աշխոյժ քաղաքացիներու տարբեր խմբերու կողմէ: Հետեւաբար` խելամիտ չէ շահարկել շարժման քաղաքականացուած կամ միասնական ըլլալ-չըլլալու հարցը:

Ակնյայտ է, որ ժողովուրդի պահանջները չեն բավարուած առ այսօր, հետեւաբար` պայքարը պիտի շարունակուի:

Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ դեռ անյայտ է, թէ թանկանալիք 6.93 դրամը ինչ միջոցներով պիտի փոխհատուցուի, սակայն ակնարկած է արտապիւտճէտային աղբիւրներու մասին: Կը յիշեցնենք, որ շարժումը սկզբունքօրէն դէմ է սակագինի բարձրացման, հետեւաբար պիտի չընդունի սակը թանկացնելու եւ որեւէ միջոցներով փոխհատուցելու որոշումը:

Սերժ Սարգսեան տնտեսական յանձնաժողովի նիստին յայտարարած է, որ հարկաւոր է հաշուեքննութիւն իրականացնել` կանխաւ համոզում արտայայտելով, որ սակի բարձրացումը արդարացուած է: Այս պնդումը ի սկզբանէ, մեղմ ըսած, անվստահութիւն կ՛առաջացնէ: Նաեւ կը յայտարարէ, որ այդ հաշուքննչական կազմակերպութիւնը պէտք է ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ համատեղ որոշուի:

Շարժումը կը պատասխանէ, որ վստահութեան բացակայութեան պայմաններու մէջ հաշուեքննութեան թեման հետզհետէ կը վերածուի կեղծիքները կոծկելու, քան անոնք բացայայտելու միջոցի:

Պատկան մարմիններէն կ՛ակնկալենք վերոնշեալ խնդիրներու յստակ պարզաբանում եւ միաժամանակ յիշեցնում շարժման պահանջները`

-Չեղարկել ելեկտրականութեան սակի թանկացման հակաընկերային որոշումը:

-Պատժել խաղաղ հանրահաւաքի մասնակիցներուն եւ լրագրողներու նկատմամբ բռնութիւն կիրառած ոստիկանները եւ դադարեցնել քրէական հետապնդումը ընթացող խաղաղ հաւաքի մասնակիցներուն նկատմամբ:

-Վերանայիլ սակագինը`  նուազեցման միտումով:

Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ պայքարող քաղաքացիներ








All the contents on this site are copyrighted ©.