Չորեքշաբթի, 1 յուլիսին, եգիպտական բանակէն տասնեակներով զոհեր ու վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ ՏԱՀԵՇ Սինայի թերակղզիին հիւսիսային շրջանին մէջ եգիպտական բանակի հինգ տարբեր դիրքերուն դէմ համակարգուած յարձակում գործեց:
Եգիպտական բանակը անմիջապէս հակազդեց` քանդելով ՏԱՀԵՇ-ի հիմնական երկու կեդրոններ եւ սպաննելով ՏԱՀԵՇ-ի բազմաթիւ զինեալներ:
Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, եգիպտական օդուժին պատկանող «Էֆ-16»-եր հարուածած են ահաբեկչական կազմակեպութեան դիրքերը:
Յարձակումին լոյսին տակ, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի խոստացաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրել:
Բժշկական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ի հաղորդեցին, որ հիւսիսային Սինայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած յարձակումներուն զոհ գացած է 70 հոգի, մեծամասնութիւնը` բանակայիններ: Միւս կողմէ, եգիպտական բանակը յայտարարեց, որ իր հակազդեցութեան իբրեւ հետեւանք սպաննուած են շուրջ 100 ահաբեկիչներ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |