2015-07-02 09:42:00

Սահմանադրութիւնը խախտելով կը յուսալքեն մեր երիտասարդները» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Աժալթունի մէջ Անտոնեան միաբանութեան դպրոցի հիմնարկէքին ընթացքին շեշտեց ուսման կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց, որ երկրին քաղաքական պատասխանատուները սահմանադրութիւնը խախտելով կը յուսալքեն լիբանանցի երիտասարդները:

Ռայի պատրիարքը քաղաքական անձնաւորութիւնները պատասխանատու նկատեց նաեւ երիտասարդներն ու անոնց ապագան անտեսելու յանցանքով, ինչպէս նաեւ խստիւ դատապարտեց պետական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուող փտածութիւնը, աւազակութիւնը, մսխումն ու կաշառակերութիւնը:

Ան հաստատեց, որ սահմանադրութեան մեծագոյն խախտումը կը նկատուի մէկ տարի երեք ամիս հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն չկատարելը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.