2015-07-02 09:12:00

Ս. Հոգւոյ խարիզմական շարժումի 38-րդ հաւաքը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ս. Հոգւոյ խարիզմական շարժումը իր  38-րդ  հաւաքը կը գումարէ Հռոմի մէջ յառաջիկայ  3 յուլիս  2015-ին, ս. Պետրոս հրապարակին վրայ, յետմիջօրէին, ժամը 4-էն սկսեալ, որպէս բնաբան ունենալով. ''Միութեան եւ խաղաղութեան ուղիներ – աղօթքի ձայներ այսօրուայ մարտիրոսներուն համար ու հոգեւոր համամիութեան ի խնդիր''։

Վերոնշեալ համախմբումին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։  

38-րդ հաւաքը կը շարունակուի ապա 4 Յուլիսին,  Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին մէջ, առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեալ որպէս բնաբան ունենալով` ''Աստուծոյ ժողովուրդը կը հռչակէ ու կը գովաբանէ Տիրոջ սքանչելիքները''։

Ս. Զոհը կը հանդիսապետէ կարդինալ Քոմասթրի` Քահանայապետին փոխանորդը Վատիկանի Պետութեան մօտ։

''Միութեան եւ խաղաղութեան ուղիներ – աղօթքի ձայներ այսօրուայ մարտիրոսներուն համար ու հոգեւոր համամիութեան ի խնդիր'' բնաբանով ձեռնարկը իւրայատուկ բնոյթ ունեցող ձեռնարկ է որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ աղօթքի բնոյթ ունեցող համերգ մը մասնակցութեամբ Իտալիայէն, Իսրայէլէն, ԱՄՆ էն ու Աւստրալիայէն հանրածանօթ արուեստագէտներու եւ որ շեշտը պիտի դնէ եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրէ ''կրօնական հալածանքի մեծ ողբերգութեան'' վրայ եւ '' հոգեւոր համամիութեան մը'' ապրումի հարկաւորութեան` որպէս  ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ միութեան ճանապարհի, առ ի պատասխան ''Արեան Համամիութեան'' դրդապատճառներուն, որոնց մասին յաճախ կը խօսի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։ 

Երեկոյթի ղեկավարը կը հանդիսանայ  Ֆրանչէսքա Ֆիալտինին մինչ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  կարդինալ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու  ժողովին, կարդինալ  Քիւրտ Քոխ`  նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, կարդինալ Պանիասքօ, նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական  համահաւաք դասին եւ օրթոտոքս ու բողոքական  եկեղեցիներէն պատուիրակներ, որոնց ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը վկայութիւն մըն են համամիութենական աղօթքի զօրութեան եւ ընդգծում  քրիստոնեաներու միջեւ նոր եղբայրակցութեան  անհրաժեշտութեան։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ս. Պետրոս հրապարակ մուտքը  նախատեսուած է ժամը 18-ին։ Նշենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ս. Հոգւոյ խարիզմական շարժումը կոչած է.  ‘’Շնորհքի հոսանք մը Եկեղեցւոյ մէջ ու Եկեղեցւոյ համար’’։ 

Յայտնենք նաեւ թէ այս առաջին անգամն է որ ս. Պետրոս հրապարակին վրայ համամիութենական նման դէպք մը կը կատարուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.