2015-07-01 15:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Յոյն ժողովուրդի բարիքի դիտաւորութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին չորեքշաբթի 1 յուլիս 2015-ին հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ յայտնեց թէ Յունաստանէն եկող տնտես-ընկերային իրավիճակի մասին լուրերը մտահոգիչ են։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուզէ մօտիկութիւնը յայտնել համայն Յոյն ժողովուրդին, յատուկ օրէն ընտանիքներուն որոնք կը տառապին մարդկայնական եւ ընկերային բարդ ու ցաւալի ճգնաժամի պատճառաւ։

Մարդ արարածի արժանապատուութիւնը - կը գրէ Հայր Լոմպարտին հրատարակած յայտարարութեան մէջ -  պէտք է մնայ քաղաքական կամ թեխնիքական որեւէ բանավէճի կեդրոն, այնպէս ալ պէտք է ըլլան պատասխանատու ընտրանքներ կատարելու յանձնառումները։

Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր հաւացեալները կը հրաւիրէ  աղօթքով միանալու, սիրեցեալ Յոյն ազգին բարիքին ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.