2015-06-29 16:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց աղօթել միութեան եւ առաքելական ճամբորդութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Պօղոս եւ Պետրոս առաքելապետերու տօնին առթիւ,  Սուրբ Պետրոսի մայս տաճարին մէջ մտուցած Սուրբ Զոհին աւարտին­, Ֆրանչիսկոս Պապը  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը վերակոչելով` երկու առաքելապետերու ծիսական տօնը ու յատկապէս տօնին կապակցութիւնը Հռոմ քաղաքին հետ. ''Այս երկու վսեմ սուրբերու յիշատակին միացնելու ենք նաեւ Մարիամինը, որ է` Եկեղեցւոյ կենդանի պատկերը` Քրիստոսի հարս - ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ ''Այս երեքը առաջնորդներ են հաւատքի եւ սրբութեան մեր ուղեւորութեան մէջ։ Հայցենք անոնց օգնութիւնը որպէսզի մեր սիրտը միշտ բաց ըլլայ ընկալելու Սուրբ Հոգւոյն առաջարկութիւնները''։

Ֆրանչիսկսոս Պապը հուսկ անդրադարձաւ Պալիումի յանձնումի արարողութեան նշելով նաեւ Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան պատուիրակութեան մասնակցութիւնը ն ու հաստատելով թէ այս ներկայութիւնը նշան է երկու եկեղեցիներու եղբայրական կապերուն ու հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու որպէսզի աւելիով ամրապնդուի միութեան ճանապարհը։

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները հուսկ նշեց թէ յառաջիկայ 5 – 13 յուլիս առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ` Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ։

''Բոլորէդ կը խնդրեց որ ինծի ընկերանաք աղօթքով, որպէսզի Տէրը օրհնէ` ինծի շատ սիրելի Լատին Ամերիկեան ցամաքամաս կատարած իմ ճամբորդութիւնս'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ երեք վերոյիշեալ երկիրներու հաւատացեալներուն յայտնեց իր ուրախութիւնը ''իրենց տան մէջ'' գտնուելուն համար ու հրապարակը գտնուող հաւատացեալներէն   խնդրեց որ յատուկէն աղօթեն իրենց համար  որպէսզի Սուրբ Կոյս Մարիամը իր Մայրական հոգածութեամբ ընկերանայ բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.