2015-06-29 16:34:00

Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնակատարութիւնը Վատիկանի մէջ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 46 եպիսկոպոսապետերուն կը շնորհէ ''պալիումը''։

(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 29 Յունիս 2015 տօն ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու: ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, այս առթիւ, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ,  հանդիսապետեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Պալիումը շնորհեց նորընտիր 46 մետրապօլիտներու։ Նշենք որ պալիումը կը շնորհուի նորընտիր եպիսկոպոսներուն, խորհրդանշելու համար անոնց յատուկ կապն ու հաղորդութիւնը առաքելական աթոռին հետ։

Աւանդութեան համաձայն, սրբացան արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ`  կ. Պոլսոյ պատրիարքութենէն մէկ պատուիրակութիւնը։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադառնալով օրուան տօնակատարութեան ուզեց մեծարել առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան առաքեալներու արիութիւնը` ի սպաս աւետարանի քարոզութեան, որոնք յանձն առինն նոյնիսկ տանջանքներն ու մահը  եւ մարտիրոսութիւնը։

''Անոնց քրիստոնեայ կենցաղին ջերմեռանդութիւնը, մեզի հաւատացեալներուս համար այսօր` զօրեղ կոչ մըն է աղօթքի, հաւատքի եւ վկայութեան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դնելով այս երեք բառերու խոր իմաստին վրայ։

Կոչ աղօթքի­­. Պետրոսի եւ Պօղոսի հասարակութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ  Եկեղեցի մը որ աղօթքի մէջ է ոտքի կեցած, ամուր եւ ճանապարհորդութեան մէջ եկեղեցի մըն է եւ քրիստոնեան որ կ՛աղօթէ, պաշտպանուած ու պահպանուած քրիստոնեայ մըն է, յարեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով  Պետրոսի ձերբակալութեան ու անոր Հրեշտակի կողմէ ազատագրումի մասին։

Հարց տանք ըսաւ նորին Սրութիւնը քանի անգամ Տէրը մեզի կ՛ուղարկէ իր հրեշտակը մեզ ազատելու համար ու մեզի ցոյց տալու ուղիղ ճամբան, մեզ մխիթարելու կամ պարզապէս ըսելու ''միայնակ չես''։

Ոչ մէկ քրիստոնեայ հասարակութիւն կարող է յառաջ ընդանալ առանց աղօթքի։ Աղօթքը Աստուծոյ հետ հանդիպումն է, հանդիպում այն Աստուծոյն հետ որ երբեք յուսախաբ չի թողուր եւ իր զաւակները մինակ չի լքեր։ 

Կոչ հաւատքի. Միայն ան որ կը հաւատայ կարող է ըսել Տէրը իմ հովիւս է։ Աստուած իր զաւակները չարէն դուրս չի հաներ, այլ անոնց կու տայ ուժն ու կարողութիւնը յաղթահարելու չարը։

Ամէն բան կ՛անցնի. Աստուած կը մնայ։ Արդարեւ անցան թագաւորութիւններ, ժողովուրդներ, մշակոյթներ, զօրքեր եւ գաղափարախօսութիւններ, եկեղեցին սակայն, որ հիմնուած է Քրիստոսի վրայ, հաւատարիմ կը մնայ իր հաւատքին, ծառայութեան մէջ, որովհետեւ Ան չի պատկանիր Քահանայապետերուն, եպիսկոպոսներուն., քահանաներուն եւ ոչ ալ հաւացեալներուն, Ան միայն Քրիստոսինն է եւ միայն ան որ Քրիստոսի մէջ կ՛ապրի, կը պաշտպանէ եկեղեցին ինչպէս ըրին Սուրբ Պետրոսն ու Պօղոսը։

Կոչ վկայութեան. Պետրոս եւ Պօղոս, բոլոր Քրիստոսի առաքեալներուն նման­, ըմպեցին Քրիստոսի բաժակը ու դարձան Աստուծոյ բարեկամեր։ Եկեղեցի մը կամ քրիստոնեայ մը առանց վկայութեան անպտուղ է։ Եկեղեցին յաղթեց չարին, իր զաւակներուն  վեհանձն ու հեզ վկայութեան շնորհիւ­, նշեց  Սրբազան Հայրը ու խօսքը ուղղելով նորընտիր Արքեպիսկոպոսներուն ըսաւ ''Սիրելի եղբայրներ սորվեցուէք աղօթել աղօթելով, Հաւատքը հռչակեցէք հաւատալով եւ վկայութիւն տուէք ապրելակերպով։  








All the contents on this site are copyrighted ©.