2015-06-27 14:10:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետ հիմ կը դնէ “Ընկերային Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան”


(Ռատիօ Վատիկան)Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ, 27 յունիսին, Ինքնակամ Առաքելական Թուղթով, հիմը դրաւ “Ընկերային Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան” եւ կատարեց անուանումներ յիշեալ քարտուղարութեան իբր անդամներ։

Արդիական հաղորդակցութեան միջոցներու արագընթաց զարգացումները Ս. Աթոռէն կը պահանջեն վերատեսել հաղորդակցութիւններու միջոցներու վերատեսութիւնը ու վերակազմաւորումը, վերարժեւորել Առաքելական Աթոռին հաղորդակցութիւններու միջոցներու ցանցը, եւ զայն միաւորել՝ լաւագոյնս մատակարարման նպատակով։ Այս պատճառաւ, կը գրէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ինքնակամ իր Առաքելական Թուղթին մէջ, ունկնդրելէ ետք բազմաթիւ մասնագէտներու ու կարդինալական խորհուրդի կարծիքներուն, վճռեցի Ս. Աթոռի հաղորդակցութիւններու բոլոր միջոցները միացնել մէկ մարմնի ներքեւ, “Հաղորդակցութեան Քարտուղարութիւն” անուան տակ, Եկեղեցւոյ առաքելութեան պահանջքին լաւագոյնս համապատասխանելու նպատակով։

Հաղորդակցութեան նոր մարմինը (“Հաղորդակցութեան Քարտուղարութիւն”) կը ներփակէ չորս յօդուածներ։

Առաջին յօդուած - Վատիկանի հաղորդակցութիւններու բոլոր միջոցները՝ Ընկերային Հաղորդակցութեան Քահանայապետական Խորհուրդը, Ս. Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը, Վատիկանի Համացանցի Սպասարկութիւնը, Ռատիո Վատիկանը, Վատիկանի Հեռուստատեսիլի Կենդրոնը, Օսսերվատորէ Ռոմանօ օրաթերթը, Վատիկանի Հրատարակչատունը, Լուսանկարչական Սպասարկութիւնը, Վատիկանի Գրատունը կը դառնան մէկ մարմին որոշուած ժամանակամիջոցի մէջ։

Երկրորդ յօդուած - Վերոյշեալ մարմինները, Ինքնակամ Առաքելական Թուղթին հրապարակումով, պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնները հետեւելով միշտ Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան ցուցմունքներուն։

Երրորդ յօդուած - Նոր մարմինը, համաձայն Պետական Քարտուղարութեան, կը ստանձնէ Ս. Աթոռի Ուեպ պաշտօնական ցանցը www.vatican.va եւ  Սրբազան Քահանայապետին Twitter  սպասարկութիւնը՝ @pontifex

Չորրորդ յօդուած – Հաղորդակցութեան Քարտուղարութիւնը կը սկսի պաշտօնավարել 2015ի յունիս 29էն, ունենալով որպէս ժամանակաւոր կեդրոն  Piazza Pia, 3, 00120 Città del Vaticano.

Այս բոլորը, որ վճռեցի Ինքնակամ Առաքելական Թուղթով, կը սահմանեմ որ լիովին եւ անվերապահօրէն գործադրուի, եւ կը հրահանգեմ անոր հրատարակումը L’Osservatore Romano օրաթերթին մէջ եւ յաջորդաբար Acta Apostolicae Sedis պաշտօնաթերթին մէջ։

Տուեալ ի Հռոմ, Ս. Պետրոսի մօտ, 27 Յունիս 2015, Մեր Քահանայապետութեան Գ. տարին

ֆրանչիսկոս Քահանայապետ։

 

Անուանումներ

Յետ Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան հաստատումին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նշանակեց՝

- Կառավարիչ Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան՝ Գերապայծառ Dario Edoardo Viganò, տնօրէն Վատիկանի հեռուստատեսիլի կենդրոնի։

- Քարտուղար` Lucio Adrian Ruiz, պատասխանատու Վատիկանի Համացանցի։

- Ընդհանուր քարտուղար` Դոկտ. Paolo Nusiner, ընդհանուր տնօրէն Avvenire օրաթերթի։

- Փոխ Տնօրէն՝ Դոկտ. Giacomo Ghisani, պատասխանատու Ռատիօ Վատիկանի միջազգային կապի գրասենեակի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.