2015-06-27 13:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 27 յունիսի գործունէութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 27 յունիսի առաւօտեան ժամը 09-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը։

Ժամը 10.00-ին, Սրբազան Պապը, Վատիկանի Առաքելական Պալատի “Քոնչիսթորիօ” անուան դահլիճին մէջ, մասնակցեցաւ սուրբերու դատի հայող կարդինալական ժողովին։ Սրբազան Պապը վաւերացուց երանելի Վինչենցօ Կրոսսիի, Մարիա տելլ’Իմաքոլաթա Քոնչեցիոնէի եւ Լուտովիքօ Մարթէնի ու Մարիա Ազէլիա Կուէրինի սրբադասումը, որուն արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18 հոկտեմբեր  2015ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդունեց Սուրբ Աթոռի Եպիսկոպոսաց Ժողովին նախագահ՝ Կարդինալ Մարք Ուէլլէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.