2015-06-27 08:36:00

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ցաւակցական խօսքը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ մահուան առթիւ


Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր,

Հաւատացեալ հայրենակիցներ,

Ցաւով տեղեկացանք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ․ի մահուան մասին, որառանձնակի ցաւ ու կսկիծ պատճառեց բոլորիս:

Անժամանակ էր մահը հայ մեծ հոգեւորականին, ազնուագոյն անձնաւորութեան, որ Աստուծոյ հաւատարիմ իր ողջ կեանքընուիրեց հայ ժողովուրդին, կաթողիկէ համայնքին:

Պատրիարքական աթոռի գահակալութեան երկարաձիք տարիներու քրտնաջան գործի բարեբերութիւնը շատ ակնառու էր:Վերջին շրջանին սրբազան Պատրիարքը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցիձեռնարկներուն, համաժողովներու, գիտաժողովներու կազմակերպման, եւ աչքի կ'իյնար  իր բացառիկնախաձեռնութիւններով: Համազգային հպարտութիւնը պարուրեց բոլորիս հոգին, երբ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի ձեռամբլուսապսակ Գրիգոր Նարեկացին հռչակուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ:

Հոգեւոր Տիրոջ աշխատանքը միշտ բարձր  գնահատուած է Հայոց պետութեան կողմէ: Մեր գործակցութիւնը Կաթողիկէ ՀայոցԿաթողիկոս Պատրիարքին հետ եղած է բովանդակալից  և արդիւնաւէտ:

Անոր իմաստուն ու շրջահայեաց գործունէութեամբ ամրապնդուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյբարեկամութիւնը:

Հոգեւոր Տէրը այն երջանիկներէն էր, որ աշխարհ եկաւ յատուկ առաքելութեամբ եւ կեանքէն հեռացաւ` ձգելով պայծառյիշատակ` վկայելով սրբազնագոյն վարքին եւ առաքինութեանը իր նուիրումի մասին:

Անոր բարութիւնը, ոգիի տոկունութիւնը, մարդկային վսեմ նկարագիրը առանձնակի պատկառանք կը ներշնչէին հոգեւորականի անոր տեսակին հանդէպ: Պատրիարք Կաթողիկոսը միշտ պիտի մնայ մեր մտքերուն ու մեր սրտերուն մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ իմ անունով կը ցաւակցիմ  ողջ հոգեւոր դասին, Կաթողիկէհամայնքին, անոր հարազատներուն: Մխիթարուինք այն գիտակցութեամբ, որ Պատրիարք Տիրոջ անմահ հոգին երկինքիանդաստանին  մէջ միշտ կը գտնուի  լոյսերու մէջ:

Սրտի խոր կսկիծով՝

Հրանուշ Յակոբեան

ՀՀ սփիւռքի նախարար

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.