2015-06-27 13:55:00

Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի դիտաւորութեան աղօթք եւ Սուրբ Պատարագ


(Ռատիօ Վատիկան) Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ներէս Պետրոս ԺԹ.ի Կաթողիկոս մահուան առիթով, Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի խմբագրութիւնը ստացած է հաղորդակցութիւններ։

Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը յանձին Գերպ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսանի, պաշտօնական հաղորդումով կանդրադառնայ Հոգեւոր Տիրոջ մահուան։ Եպիսկոպոս Գուսան, Կիրակի, 28 յունիսի առաւօտեան ժամը 11ին Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի մատուցանէ հանգուցեալ հոգեւոր Տիրոջ, Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի հոգւոյն համար։

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի թեմի դիւանը կը հաղորդէ, թէ “Թեմի Առաջնորդ՝ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ կղերը ի մի հաւաքուած տարեկան ժողովին առթիւ Մոնթրէալի մէջ, որոշեցին յառաջիկայ Կիրակի 2015ի 28 յունիսին Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցանել հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարքի յաւիտենական հանգիստին համար։”

Ցաւակցական խօսք ուղղած է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան որ գրած է՝ “Հոգեւոր Տիրոջ մէջ տեսած եմ Հայ Քրիստոնեայ կղերականի Տիպարը, որուն համար Քրիստոսի, Եկեղեցիին եւ Հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը ամէն բանէ վեր էր։ Շրջահայեաց Հայրապետ-եկեղեցական էր, եւ որ միշտ կը ձգտէր միջ-եկեղեցական ու յարանուանական կապերու ամրապնդմանը եւ համագործակցութեանը։ Նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ Լիբանանի։ Կառչած մնաց հայ ժողովուրդի սրբազան դատին եւ անոր հետապնդումին, եւ ոչ մէկ ճիգ խնայեց այս ուղղութեամբ։ Բայց այս բոլորէն վեր, Հոգեւոր Տէրը համեստ մարդն էր՝ եւ իրեն համար մարդը ու մարդկային յարաբերութիւնները եւ անոր հետ հաղորդականութիւնը Արժէքներ էին։ Եւ իմ իւրաքանչիւր հանդիպումիս ընթացքին իր հետ՝ ալ աւելիով կը տեսնէի իր մէջ թէ ինչքան սէր, յարգանք ու ժամանակ կ’ուզէր տալ մարդուն եւ անոր արժէքին նկատմամբ։ Յարգանք իր նուիրումով ու ծառայութեամբ ապրած Քրիստոնէական օրինակելի կեանքին համար։”

Հայր Բարսեղ Սուսանեան, հոգեւոր հովիւ Սիտնիի “Վերափոխում Աստուածածնի” հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան՝ իր ցաւակցական նամակին մէջ հակիրճ կերպով յիշելով հանգուցեալ Հայրապետի կենսագրականը կը գրէ՝ “ան անխոնջ կերպով աշխատեցաւ օժանդակելու Արեւելեան Եւրոպայի այն բոլոր առաքելութիւններուն, որոնք երբեմն կը գտնուէին Սովետական Միութեան իշխանութեան տակ, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացին ’Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ’ հռչակումի ուղղութեամբ։”

Հայր Բարսեղ Սուսանեան ապա կը հաղորդէ '' Սիտնիի“ Վերափոխում Աստուածածնի” հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի չորեքշաբթի 1 յուլիս 2015-ին  առաւօտեան 6,30-էն - 9,30­, մինչ երջանկայիշատակ Հայրապետի դիտաւորութեան քառասունքի սուրբ պատարագը պիտի մատուցի յառաջիկայ օգոստոս 2-ին ժամը 11-ին, վերոյիշեալ ժողովրդապետութեան “Վերափոխում Աստուածածնի”  եկեղեցւոյ մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.