2015-06-27 12:02:00

Եան Հուսի մահուան 600րդ տարեդարձի յոբելինական հանդիսութիւն


(Ռատիօ Վատիկան) 2015ի յուլիսի 5-6, կը նշուի Եան Հուսի մահուան 6րդ դարադարձը։ Այդ յոբելեանի հանդիսութիւններուն՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի իբր ներկայացուցիչ՝ կը մասնակցի Փրակի հրաժարեալ Արքեպիսկոպոսը՝ Ծիրանաւոր Միրոսլաւ Վլք։ Սրբազան Պապը, տարւոյս ապրիլ ամսոյն 9ին, Ծիրանաւոր Վլքի ուղղուած յատուկ նամակով՝ յանձնած է անոր այդ պատուիրակութիւնը։

Հանդիսութեան մասնակցող պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ Փրակի կղերէն՝ Գերյարգելի Միաքայէլ Նիմեէք՝ Եպիսկոպոսական Փոխանորդ հովուական գործունէութեան։ Իսկ Լիթոմիոչի կղերէն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գերյարգելի Միրոսլաւ Շիմայէք՝ Աւագ Քահանայ Ուսթի ժողովրդապետութեան։

Սրբազան Պապը իր նամակին մէջ նախ կ’անդրադառնայ Եան Հուսի, որ եղած է Տնօրէն Փրակի Կարոլոս Համալսարանի, նկատելով Եան Հուսի յիշատակը առիթ մը՝ քաջալերելու համամիութենական երկխօսութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կը յիշէ Սուրբ Յովհաննէ Պօղոս Պապի ուղերձը, որ կատարած էր 1999ին, Եան Հուսի յիշատակին կատարուած համագումարին առիթով, ուր Յովհաննէս Պօղոս Պապ՝ Եան Հուսը կ’անուանէր “Պոհեմիայի ականաւոր քարոզիչ եւ Փրակի Համալսարանի ամէնէն նշանաւոր վարդապետներէն մին” եւ կը դրուատէր զայն իր բարոյական քաջասրտութեան համար։

Ապա Սրբազան Պապը կը յիշէ, թէ Փրակի Արքեպիսկոպոս, Ծիրանաւոր Տուքա խնդրած էր, որ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ ներկայացուցիչ մը ուղարկուէր այս յոբելեանին։ Ասոր հիման վրայ, Սրբազան Պապը՝  Ծիրանաւոր Վլք կ’անուանէ իբր ներկայացուցիչ յոբելինական հանդիսութեան։ Ապա Սրբազան Պապը կը յիշէ՝ թէ Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ նաեւ քաջալերել համամիութենական երկխօսութիւնը, եւ յառաջ կը բերէ Վատկանեան Բ. Ժողովի “Միութեան Վերահաստատումը” վճռագրէն հետեւեալ հատուածը. “Բոլոր հաւատացեալները թող յիշեն՝ թէ ա´յնքան աւելի պիտի սատարեն քրիստոնեաներու միութեան, մանաւանդ թէ զայն պիտի իրագործեն իսկ, որքան աւելի ջանք դնեն սուրբ կեանք մը վարելու՝ Աւետարանի համաձայն։ Որովհետեւ որքան աւելի սերտ ըլլայ իրենց հաղորդակցութիւնը Հօր, Որդւոյն եւ Ս. Հոգւոյն հետ՝ այնքան աւելի պիտի յաջողին աճեցնել եւ մտերմացնել եղբայրական փոխադարձ յարաբերութիւնները։” (Միութեան Վերահաստատումը, 7)

Նամակի աւարտին, Սրբազան Պապը՝ անուանումին կը կցէ իր Առաքելական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.