2015-06-26 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 26 յունիսի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 26 յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Տիար Peter Sutherlandը` Գաղթականութեան  միջազգային Կաթողիկէ յանձնախումբի նախագահը, ապա հրաժեշտի այցելութեան առթիւ, ընդունեց` Սուրբ Աթոռի մօտ Յունաստանի դեպան` Տիար Կէորկիոս Փափատոփուլոսը որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը` Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը եւ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին` Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը։

Ժամը 12,15-ին Գլեմենթինա Սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը, ունկնդրութիւն շնորհեց ''Կաթողիկէ իգական առաջնորդներու միջազգային համախմբումի'' անդամուհիներուն ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ուրախութիւն յայտնեց զանոնք ընդունելու համար իրենց հիմնարկութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ հաստատելով թէ ''առաջնորդները'' իւրայատուկ տեղ մը ունին դաստիարակչական շարժումներու ասպարեզէն ներս եւ իւրացուցած են մանկավարժական խոր ու երկար աւանդութիւն մը։

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ ''Դաստիարակութիւնը փաստօրէն էական միջոց մըն է չափահաս աղջիկներուն առիթ ընծայելու, պատասխանատու եւ գործունեայ կիներ դառնալու համար, որոնք հպարտ եւ ուրախ են իրենց Քրիստոսի մէջ ունեցած հաւատքով որ կ՛ապրուի առօրեային մէջ։ Այսպէսով - ըսաւ Քահանայապետը- անոնք կրնան մասնակցիլ Աւետարանի վրայ հիմնուած աշխարհի մը կերտման աշխատանքին եւ գնահատեց անոնց ընտրած  բնաբանը` ''որպէս առաջնորդներ ապրիլ Աւետարանի ուրախութիւնը''։

Սքանչելի յայտագիր մըն է­, յարեց Նորին Սրբութիւնը,  կեանքի վկայութեամբ, ուրիշներուն հռչակել, թէ Յիսուսի հետ հանդիպումը մեզ երջանիկ կը դարձնէ։ Թէ Ան մեզ կը բուժէ եւ կ՛ ազատագրէ.... ապա ակնարկեց բնապահպանութեան մասին `''Գովեալ ըլլաս'' իր շրջաբերականին որուն մէջ ընդգծած է հարկաւորութիւնը` բարեփոխելու մտայնութիւնն ու սովորութիւնները յաղթահարելու համար կենսոլորտի հայող մարտահրաւէրները ու այս առընչութեամբ մատնանշեց ''առաջնորդներու շարժումի'' կարեւոր դերակատարութեան։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց կնոջ դերին ու անոր արժէքաւորումի մասին ըլլայ Եկեղեցւոյ ըլլայ ընկերութեան մէջ հաստատելով թէ ''դաստիարակչական ընկերակցութիւնները'' մեծ դեր մը ունին խաղաղիք այս ուղղութեամբ ի տես նաեւ աշխարհի մը, ուր կը տարածուին բնութեան եւ Աստուծոյ ընտանիքին ու ամուսնութեան ծրագիրին դէմ, գաղափարախօսութիւններ որոնք այր ու կնոջ միջեւ տարբերութիւնները կ՛ուզեն ջնջել։

Դուք` ըսաւ ապա Քահանայապետը, կանչուած էք մեծ դեր մը խաղալու, նաեւ այն երկիրներուն մէջ ուր կինը ստորադասուած է, եւ նոյնիսկ շահագործուած ու չարաշահուած ու ներկաներէն խնդրեց յատուկ ուշադրութիւն դարձնել նաեւ ''Նուիրեալ Կեանքի'' կոչումներուն, հուսկ Աստուածամօր խնամակալութեան յանձնեց ներկաները, որպէսզի անոնց համար ըլլայ աղբիւր ներշնչումի եւ քաջալերանքի ու ճառը եզրափակեց բոլորին շնորհելով առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.